Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան Նոյեմբեր 24-ին հովուական այցելութեամբ մեկնած է Պասրա:
Յաջորդ օր, առաւօտեան ժամը 10-ին ան, իր առաջին եպիսկոպոսական պատարագը մատուցած է եւ յաւուր պատշաճի քարոզած Պասրայի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ:
Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղած են՝ Պասրայի կաթոլիկ ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդը, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականները եւ այդ եկեղեցիներու վարչականները, Պասրայի Հայոց հոգեւոր հովիւ՝ Ղեւոնդ աբեղայ Սաղաթէլեան, թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, համայնքի հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ օտարազգի հիւրեր:
Յաւարտ պատարագի գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը, որու ընթացքին ծխական խորհուրդը առաջնորդին նուիրած է պանակէ եւ ձեռաց խաչ, իսկ համայնքի օտարազգի բարեկամները՝ լանջախաչ:
Սոյն այցելութեան, Օշական եպիսկոպոսին ընկերակցած են Յակոբոս քհնյ Իսահակեան եւ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Կարապետ Գալուստեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։