Հայաստանի Մ-12/-Տեղ-Կոռնիձոր կառուղիի վերակառուցման աշխատանքները կը սկսին ընթացիկ Օգոստոսին: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այս առթիւ յայտնած են Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութենէն՝ պատասխանելով լրասփիւռներու հարցումներուն։
Խօսքը կը վերաբերի Լաչինի միջանցքի երկայնքին նոր ճանապարհին: 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով սահմանուած էր, որ կողմերու համաձայնութեամբ, յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին կ՚որոշուի Լաչինի միջանցքի երկայնքին նոր երթուղիի կառուցման նախագիծը, որ կ՚ապահովէ կապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ։ Հետագային այդ երթուղին պաշտպանելու համար ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը հոն կը փոխադրուի:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։