Search
Close this search box.

ԼԱ ՀԷՅ – Հռոմի կանոնադրութեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան պաշտօնական արարողութիւնը

Փետրուար 8-ին, Լա Հէ­յի Մի­ջազ­գա­յին քրէական ատեանի (ՄՔԱ) յար­կին տակ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի` Հռո­մի կա­նոնադ­րութեան ան­դա­մակ­ցութեան նուիրուած պաշ­տօ­նական արա­րողու­թիւնը:

Նախ Ատեանին մէջ բարձրա­ցուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան դրօ­շը, այ­նուհե­տեւ ող­ջոյնի եւ շնոր­հա­ւորա­կան խօս­քե­րով հան­դէս եկած են ՄՔԱ-ի նա­խագահ Փիոթր Հոֆ­մայսքի եւ ՄՔԱ-ի ան­դամ եր­կիրնե­րու հա­մաժո­ղովի նա­խագահ Փայ­վի Քաու­քո­րան­թա։ Ի վեր­ջոյ ելոյթ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեան։

Արա­րողու­թեան մաս­նակցած են նաեւ ՄՔԱ-ի ընդհա­նուր դա­տախա­զը, շուրջ 60 դի­ւանա­գէտ­ներ։

Նա­խարար Միր­զո­յեան իր ելոյ­թին մաս­նա­ւորա­պէս նշած է. “ՄՔԱ-ի դե­րը նշա­նակա­լից է՝ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման եւ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար ազ­նիւ եւ անա­չառ ար­դա­րադա­տու­թեան հո­լո­վոյ­թի ապա­հով­ման գոր­ծին մէջ։ Ցա­ւօք, մեր տա­րածաշրջա­նին մէջ մենք դէմ-յան­դի­ման գտնուեցանք ոչ միայն հիմ­նախնդի­րը խա­ղաղ ճամ­բով լու­ծե­լու կամ­քի բա­ցար­ձակ բա­ցակա­յու­թեան, այլ նաեւ տե­սանք պա­տե­րազմ, ատե­լու­թիւն եւ ահա­բեկ­չութիւն տա­րա­ծե­լու ակնյայտ մտադ­րութիւն։ Հա­յաս­տա­նի դէմ շա­րու­նա­կուող յարձա­կումներն ու մեր ինք­նիշ­խան տա­րածքնե­րուն բռնագ­րա­ւու­մը, Հա­յե­րու դէմ իրա­գոր­ծուած սար­սա­փելի ոճ­իրնե­րը, Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի ցե­ղային զտու­մը, աւե­լի քան 100.000 Հա­յերու բռնա­գաղ­թը ու­նե­ցած են աղէ­տալի մար­դա­սիրա­կան հետեւանքներ եւ կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջական վտանգ ներ­կա­յաց­նել մեր տա­րածաշրջա­նին հա­մար։ Այս հա­մածի­րին մէջ մենք հա­մոզուած ենք, որ Հռո­մի կա­նոնադ­րութիւ­նը, ի շարս այլ գոր­ծի­քակազ­մե­րու, իրա­կան նե­րուժ ու­նի կան­խե­լու հե­տագայ հրահ­րումներն ու ոճ­րա­գոր­ծութիւննե­րը՝ դառ­նա­լով մեր տա­րածաշրջա­նի կա­յու­նութեան եւ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան ու­ղե­նիշ”։

Նոյն օրը Միր­զո­յեան այ­ցե­լած է Լա Հէ­յի Խա­ղաղու­թեան պա­լատ, որու պար­տէ­զին մէջ 2022-ին տե­ղադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի կող­մէ նուիրուած խաչ­քա­րը, որ կը խորհրդան­շէ մեր երկրին ներդրու­մը մի­ջազ­գա­յին խա­ղաղու­թեան: ■