Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ին՝ դադրեցնելու Ազերպայճանին աջակցութիւնը՝ Կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովին (COP 29)։
«Ազերպայճան ցեղասպան պետութիւն մըն է, որ կը ղեկավարուի ա՛յն նախագահին կողմէ, որ պարբերաբար կը ներկայանայ հայերու նկատմամբ ցեղասպանութեան գաղափարախօսութեամբ, զանոնք անուանելով շուներ, շնագայլեր եւ ահաբեկիչներ։ Ներկայիս Ազերպայճան անօրինական կերպով բանտարկած է շուրջ 300 հայեր եւ կը մերժէ զանոնք ազատ արձակել, այդ կարգին՝ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի) ընտրուած իշխանութեան 8 անդամեր»,– նշուած է Հիմնարկին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ ընդգծուած է, թէ որոշ բանտարկեալներ ենթարկուած են խոշտանգումներու։
Հարկ է նշել, թէ 2024-ին Պաքուի մէջ կայանալիք համաժողովին (COP 29) պիտի նախագահէ Ազերպայճանի Բնապահութեան եւ բնական պաշարներու նախարար, SOCAR-ի՝ (Ազերպայճանի քարիւղի ընկերութեան) նախկին փոխնախագահ Մուխթար Պապաեւ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։