Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ռուսական լրասփիւռներէն մէկուն տուած հարցազրոյցին կրկին անդրադարձած է խաղաղութեան համաձայնագրին, ներկայացնելով իր երկրին անհատնում պահանջները, որոնք կը վերաբերին միջազգային ատեաններուն մէջ փոխադարձ բողոքներէ հրաժարելու, սահմանէն՝ այլ երկիրներու ներկայացուցիչները հեռացնելու, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Մինսքի խումբը լուծարքի ենթարկելու։
Հարցազրոյցին մէջ Ալիեւ խօսած է նաեւ Հայաստանի սպառազինութեան մասին։ “Հակառակ անոր որ Արեւմուտքի սպառազինութիւններու մեծ մասը Հայաստան կը ստանայ անվճար կամ վարկով, բայց նոյնիսկ այդ պարագային անոնք մեզի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին պիտի չդիմանան։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի, 2023 Սեպտեմբերի գործողութեան հետեւանքները պէտք չէ մոռնան։ Անոնք նաեւ պէտք է հասկնան, որ ի հեճուկս Մաքրոնի վարչակազմին, ինչպէս նաև ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեան, եթէ անոնք մեր դէմ յաջորդական գրգռութիւնը ծրագրեն, փաստօրէն անոնց ո՛չ ոք պիտի օգնէ”,– յոխորտացած է Պաքուի բռնապետը։
Նոյն հարցազրոյցին Ալիեւ ըսած է, թէ շուրջ 300.000 ազերպայճանցի պաշտօնապէս դիմում կատարած է Հայաստանի ղեկավարութեան, որպէսզի իրենց վերադարձին, վերահամարկման համար պայմաններ ստեղծուին։ Ան աւելցուցած է, թէ խօսքը 1980-1990-ականներուն Հայաստանէն հեռացած ազերպայճանցիներու մասին է։
“Անոնք վերադառնալու իրաւունք ունին։ Հայաստանի ղեկավարութենէն տակաւին պատասխան չենք ստացած, թէ ինչպէս կը պատկերացնեն ազերպայճանցիներու՝ իրենց պատմական հողերը վերադարձի գործընթացը”,– ընդգծած է Ազերպայճանի նախագահը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։