Search
Close this search box.

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ – Ճնշում բանեցնելով իր կամքը պարտադրելու՝ Թուրքիա նոր փորձը

Պոլսոյ «Փիէր Լոթի» ֆրանսական երկրորդական վարժարանը. Թարապիա՝ Վոսփորի ափերուն

 

Թուրք պատանիները կրնան ի մօտոյ զրկուիլ Պոլսոյ եւ Անգարայի ֆրանսական դպրոցներուն մէջ կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն

Թուրքիա անգամ մը եւս նախընտրած է դիմել արմատական ​​միջոցներու՝ իր կամքը պարտադրելու համար։

Այսպէս, Անգարա չտեսնելով որեւէ շօշափելի յառաջդիմութիւն՝ Ֆրանսայի մէջ պետական ճանաչումով թրքական դպրոցներ բանալու իր պահանջին առնչութեամբ, յայտարարած է, որ եթէ արագ լուծում չգտնուի, երկու ֆրանսական դպրոցներ պիտի արգիլուին թուրք աշակերտներու համար։ Ասոնք Անգարայի «Շառլ տը Կօլ» եւ Պոլսոյ «Փիէր Լոթի» երկրորդական վարժարաններն են, ուր թուրք աշակերտները կը կազմեն ճնշող մեծամասնութիւն: Այս հաստատութիւնները ընդամէնը ունին աւելի քան 2400 աշակերտ։

Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը Ուրբաթ, Յուլիս 12-ին աշակերտներու ծնողներուն յղուած նամակով մը տեղեկացուցած է, թէ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանին կրնայ ըլլալ, որ վերոնշեալ երկու հաստատութիւնները թուրք աշակերտ չկարենան ընդունիլ։

Արդարեւ յաջորդ օր՝ Շաբաթ, Յուլիս 13-ին Թուրքիա հրապարակաւ եւ բարձրաձայն իմացուցած է հոն գործող ֆրանսական դպրոցներու կարգավիճակին շուրջ՝ իր եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ վէճին մասին, երբ երկրի Կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին Էրզրում (Կարին) կատարած այցելութեան ընթացքին բուռն արտայայտութիւններով դատապարտած է Փարիզի «գոռոզութիւնը».

“Մենք չենք նմանիր այն երկրներուն, զորս դուք գաղութացուցած էք։ Մենք ինքնիշխան պետութիւն ենք. Հետեւաբար պէտք է գործէք մեր պայմաններով, եթէ կ՚ուզէք դասաւանդել այստեղ,– յայտարարած է նախարարը՝ շարունակելով,– եկէք օրինական կարգավիճակ տանք ֆրանսական այս դպրոցներուն։ Փոխարէնն ալ մենք որոշ պահանջներ ունինք Ֆրանսա գտնուող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար։ (…) Բայց ֆրանսական իշխանութիւնները կը խոչընդոտեն Ֆրանսայի մեր քաղաքացիներուն թրքերէնի եւ քաղաքակրթութեան դասընթացքներ կազմակերպելու պահանջը, մինչ այստեղ անոնք կը գործեն այնպէս, ինչպէս կ՚ուզեն (…): Եթէ ​​ընդունին մեր պայմանները՝ ուրեմն կրնան շարունակել։ Հակառակ պարագային՝ իրենք թող մտածեն”,– զգուշացուցած է ան՝ եզրափակելով. “Տարեսկիզբէն ի վեր բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին. դպրոցական վերամուտին եթէ դեռ համաձայնութիւն գոյացած չըլլայ՝ ֆրանսական նշեալ դպրոցները այլեւս պիտի չկարենան նոր թուրք աշակերտներ ընդունիլ, ի դէպ հոն արդէն արձանագրուածները պիտի կարենան շարունակել իրենց ուսումը։ Վերջին հաշուով, Թուրքիոյ քաղաքացիներու ընդունելութեան արգելքը կտրուկ պիտի նուազեցնէ այս հաստատութիւններու աշակերտութեան թիւը եւ վտանգի տակ պիտի դնէ անոնց ապագան”։

Ամփոփ ըսած՝ նման քայլով Անգարա կը փորձէ ճնշում բանեցնել Փարիզի վրայ՝ գործադրել տալու համար «փոխադարձութեան» սկզբունքը, յուսալով բարենպաստ արձագանգ ստանալ Ֆրանսայի մէջ պետական ճանաչումով թրքական դպրոցներ բանալու իր պահանջին։

Վիճայարոյց դպրոցական ծրագրեր

Մինչ թրքական դպրոցներու ուսումնական ծրագրերը հետզհետէ աւելի կը վիճարկուին երկրի ընդդիմութեան կողմէ, Անգարայի իշխանութիւնները ֆրանսական հաստատութիւններէն պահանջած են աւելի «մերձենալ» թրքական դպրոցներու մէջ գործադրուող ծրագրերուն:

Նշենք, որ Էրտողան Յունիսի սկիզբը ներկայացուցած էր դպրոցական նոր ծրագիր մը, որ Իսլամի սկզբունքներու հիմքով կը գովաբանէ ընտանիքն ու բարոյական կարգը, հակառակ ուսուցչական արհմիութիւններու ընդդիմացումին, որոնք զայն կ՚ամբաստանեն կրթութիւնը իսլամացնելու մեղադրանքով։

Էրտողան նաեւ աւելցուցած էր, որ պիտի առաջարկուին «Սուրբ Ղուրանի, Մարգարէի կեանքին մասին», ինչպէս նաեւ Իսլամի վերաբերեալ  ընտրովի այլ  դասընթացքներ։ Սա զայրոյթ պատճառած էր ուսուցչական արհմիութիւններուն, որոնք դատապարտած էին այդ ծրագիրը, զայն որակելով «յետադիմական» եւ «աշխարհականութեան, գիտութեան եւ ժողովրդավարական կրթութեան հակասող»։