Search
Close this search box.

«Հայաստանի արբանեակի միջոցով առնուած լուսանկարները արդէն բաւական ժամանակ է, որ կը ծառայեն պետական գերատեսչութիւններուն»,– կ՚ըսէ նախարար Հայրապետեան

Մարտ 18-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին, Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի՝ տիեզերք արձակուած արբանեակի աշխատանքի դրական արդիւնքները արդէն իսկ կ՚երեւին․ բաւական ժամանակ է, որ արբանեակի միջոցով առնուած լուսանկարները կը ծառայեն Հայաստանի տարբեր պետական գերատեսչութիւններուն:

Յիշեցնենք, թէ Հայաստանի առաջին արբանեակը՝ «ArmSat-1»-ը, տիեզերք արձակուած էր 2022 Մայիս 25-ին։ Իսկ հայկական արտադրութեան առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ 1»-ը, SpaceX ընկերութեան Falcon 9 հրթիռով տիեզերք արձակուած էր 2023 Դեկտեմբեր 1-ին: