Search
Close this search box.

Հայաստանի կառավարութիւնը Մատենադարանին ընծայած է 15-րդ դարու մեծարժէք Աւետարանը 

 

«Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու Մատենադարան հիմնարկ-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ 15-րդ դարու մեծարժէք Աւետարանի ընծայաբերման հանդիսաւոր արարողութիւնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան։

Ձեռագիրը Մատենադարանին յանձնած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։

Վարչապետը ծանօթացած է նաև Ծննդեան տօներուն ընդառաջ Մատենադարանի թանգարանին մէջ բացուած «Սուրբ Ծնունդ․ մանրանկարչական ներշնչումներ» խորագրով ցուցադրութեան, ուր ներկայացուած են հայ մանրանկարչութեան բացառիկ նմուշներ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ կը ցուցադրուին: 

* * *

Մատենադարանին ընծայուած ձեռագիրը գրուած է Վասպուրականի Առբերդի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, որ կը գտնուի Նարեկավանքէն ոչ հեռու։ Ան բացառիկ է այն հանգամանքով, որ Առբերդի հռչակաւոր վանքէն պահպանուած եզակի ձեռագիր մըն է ու հարուստ նաեւ նկարազարդումներով՝ աւետարանիչներու պատկերներով, կիսախորաններով, լուսանցազարդերով: 

Այժմ աւերակ այդ վանքին մէջ գրուած ու ծաղկած մատեանը միակ վկան է այդ վանքէն ներս հայ ժողովուրդի կերտած մշակոյթի և գրչական աւանդութիւններուն: Ձեռագիրը գրած է Իզիտ անունով գրիչը, 1405-ին, որմէ մեզի ցարդ յայտնի եղած է միայն մէկ Աւետարան՝ ընդօրինակուած Նարեկավանքի մէջ, 1420-ին, որ կը պահուի Մատենադարանին մէջ: 

Այլ խօսքով, այսօր, հարիւրաւոր տարիներ յետոյ, նոյն գրիչին երկու ձեռագրերը կը գտնուին Մատենադարանին մէջ: