Յունուար 31-ին, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Չեխիոյ ամրոցները եւ դղեակները» խորագրեալ առժամեայ ցուցահանդէսին։
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, նոյն օրը պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ Երեւան ժամանած Չեխիոյ խորհրդարանի նախագահուհի Մարքեթա Փեքարովա Ադամովա, երեսփոխաններ, դեսպաններ, մշակութային գործիչներ։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Չեխիոյ պատմական երկու շրջաններու՝ Պոհեմիայի և Մորավիայի ամէնէն հետաքրքրական 25 ամրոցներն ու դղեակները:
Չեխիոյ ազգային թանգարանի ներկայացուցիչ Փեթրօ Պրուհա նշած է, թէ ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած վայրերու ընտրութեան չափանիշը եղած է անոնց պատմական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական, գեղարուեստական ու պատմական արժէքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։