Search
Close this search box.

Հայաստան իբրեւ թէ կը ջնջէ «աղուանական հետքեր»-ը

 

Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան հերքումը

Հայաս­տա­նի Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զանքի (ԿԳՄՄ) նա­խարա­րու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս հեր­քած է ազեր­պայճա­նական տար­բեր լրաս­փիւռնե­րու մէջ տեղ գտած ստա­յօդ այն հրա­պարա­կումնե­րը, ըստ որոնց՝ իբ­րեւ թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նազա­տուող (եւ ոչ միայն) հա­տուած­նե­րուն մէջ գտնուող հայ­կա­կան պատ­մութեան եւ մշա­կոյ­թի ան­շարժ յու­շարձան­նե­րու ամ­րապնդման, նո­րոգ­ման եւ վե­րականգնման աշ­խա­տանքնե­րը կը հե­տապնդեն «աղուանա­կան հետ­քե­րը» ջնջե­լու նպա­տակ:

«Նմա­նօրի­նակ լրատ­ւութիւնն ակնյայտ սուտ է, պատ­մա­կան փաս­տե­րը կեղ­ծե­լու Ադրբե­ջանի ձեռ­նա­վարա­կան (manipulatif) քա­ղաքա­կանու­թեան հեր­թա­կան դրսե­ւորում։

Մաս­նա­ւորա­պէս՝ ՀՀ Տա­ւու­շի մար­զի Կի­րանց գիւ­ղի եկե­ղեցին կա­ռու­ցուել է 19-րդ դա­րում տե­ղական կոպ­տա­տաշ քա­րից եւ եռա­նաւ բա­զիլիկ հայ­կա­կան եկե­ղեցի է։ Պահ­պա­նուել են հայ­կա­կան լի­նելու փաս­տը հաս­տա­տագ­րող հա­րաւա­յին աւան­դա­տան պա­տու­հա­նի վե­րեւի հա­տուա­ծում պահ­պա­նուած ար­ձա­նագ­րութիւ­նը («1888 ամի»)՝ կա­ռուցման տա­րեթուով, իսկ դրա­նից աջ նաեւ հա­յերէն ար­ձա­նագ­րութիւ­նը։ Կի­րան­ցի այս եկե­ղեցին խորհրդա­յին շրջա­նում վե­րածուել էր պա­հես­տի։ 2024 թ. ՀՀ կա­ռավա­րու­թեան յատ­կացրած մի­ջոց­նե­րով կ՚իրա­կանա­ցուեն յու­շարձա­նի ամ­րա­կայ­ման, նո­րոգ­ման եւ վե­րականգնման եւ զան­գաշտա­րակ-ռո­տոն­դա­յի տե­ղադրման գի­տանա­խագ­ծա­յին փաս­տաթղթե­րի կազմման աշ­խա­տանքնե­րը»,– ի մի­ջի այ­լոց կ՚ըսուի Հա­յաս­տա­նի ԿԳՄՄ նա­խարա­րու­թեան հեր­քումին մէջ:

Տա­ւու­շի մար­զի Ոս­կե­պարի Ս. Աս­տուածա­ծին, Շի­րակի մար­զի Երե­րոյ­քի տա­ճարին եւ յա­րակից այլ մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու մա­սին եւս նման փաս­տա­կան բա­ցատ­րութիւններ տա­լէ ետք հա­ղոր­դագրու­թիւնը կ՚եզ­րա­փակուի հե­տեւեալ տո­ղերով.

«Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­մը, վե­րականգնումն ու հան­րահռչա­կու­մը ՀՀ Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զանքի նա­խարա­րու­թեան առաջ­նա­հեր­թու­թիւննե­րից է եւ այս ուղղու­թեամբ պե­տու­թիւնն իրա­կանաց­նում է շա­րու­նա­կական աշ­խա­տանք։

Կոչ ենք անում Ադրբե­ջանի հա­մապա­տաս­խան շրջա­նակ­նե­րին չխե­ղա­­թիւ­րել պատ­մա­կան փաս­տե­րը, ինչպէս նաեւ ապա­հովել Ադրբե­ջանի վե­րահսկո­ղու­թեան տակ գտնուող հայ­կա­կան պատ­մամշա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րի պահ­պա­նու­մը՝ մաս­նա­ւորա­պէս ապա­հովե­լով նաեւ մի­ջազ­գա­յին դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թեան այ­ցե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի տա­րած­քում գտնուող հայ­կա­կան յու­շարձան­նե­րի մշտա­դիտարկման նպատակով»։