Search
Close this search box.

Հայաստան ռազմական կցորդներ կ՚ունենայ Չեխիոյ եւ Քիրկիզստանի մէջ

Յունուար 24-ին տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան նիստին հաստատուած է, թէ Հայաստան ռազմական կցորդներ կ՚ունենայ Չեխիոյ եւ Քիրկիզստանի մէջ։ 

Նշուած է, թէ ռազմական կցորդի գոյութիւնը Քիրկիզստանի մէջ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառի համագործակցութեան հետագայ զարգացման, նոր թափ հաղորդելով միատեղ ծրագրերու իրականացման։

Չեխիոյ մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդը պիտի ծաւալէ պետութիւններու ռազմական եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համադրման աշխատանքներ եւ պիտի ներկայացնէ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ առաջարկները։