Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի ցոյցը Երեւանի մէջ

Բագրատ Սրբազան մէկ ժամ տուած է Փաշինեանին՝ հրաժարելու համար

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը ծայր առաւ Մայիս 4-ին՝ Տաւուշի մարզի բնակիչներու դժգոհութեան ենթախորքին, հայ-ազերպայճանական սահմանի զատման գործընթացին եւ մա՛նաւանդ սահմանամերձ չորս գիւղեր Ազերպայճանին յանձնելու Հայաստանի կառավարութեան որոշումին հետեւանքով։ Սկիզբը Տաւուշի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի աջակցութիւնը վայելող շարժումը, այնուհետեւ վայելեց նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, Արցախի թեմի, Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ շարժումներու աջակցութիւնը,  նոյնիսկ Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ,– ինչպէս Պէյրութ, Մոնրէալ, Լաւալ, Կլենտէյլ,– Շարժումին զօրակցութեան կոչերը եւ ցոյցերը բազմապատկուեցան։ 

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կազմակերպած էր Տաւուշէն Երեւան երթ մը, որու մասնակիցները մայրաքաղաք հասան Մայիս 8-ին։ Իսկ Մայիս 9-ին անոնց միացան հազարաւորներ, որոնք միասնաբար մեծ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ըստ մեզի հասած վերջին տեղեկութիւններուն՝ հանրահաւաքը գլխաւորող Բագրատ արք. պահանջած էր վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը եւ այդ ընելու համար սահմանած էր պայմանաժամ ալ՝ յառաջիկայ մէկ ժամուան ընթացքին…