Հայաստանի մէջ ստեղծուած է հայկական արտադրութեան առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ-1»-ը։ Խորանարդաձեւ այս կառոյցը ունի շատ փոքր ծաւալ՝ 10 սմ. x 10 սմ. x 10 սմ., բայց եւ այնպէս ան օժտուած է արհեստագիտական հրաշալի կարողութիւններով։ Արտադրողներն են «Բազումք» գիտաշխատանոցի ու «Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոն»-ը։
Սկզբնապէս, Հայկական արբանեակի տիեզերական ճամբորդութիւնը պէտք է տեղի ունենար Նոյեմբեր 29-ին, Իլոն Մասքի SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռին ամրացուած։ Բայց կամքէ անկախ պատճառներով տուեալ հրթիռի արձակումը երկու օր յետաձգուած ըլլալով՝ «Հայասաթ-1»-ն ալ ստիպուած պիտի սպասէ մինչեւ ԴԵկտեմբեր 1, ամպերուն վերեւէն, հեռուներէ՜ն դիտելու համար աշխարհը եւ հանդիսանալու՝ Հայաստանի աչքը։
Արբանեակը մշակած «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու գիտաշխատանոցը 2023 Սեպտեմբեր 7-ին ՀՀ Բարձրագոյն արհեստագիտութեանց արդիւնաբերութեան նախարարութենէն ստացած է տիեզերական գործունէութիւն ծաւալելու արտօնագիր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։