«Նոր Յառաջ» – Մենք արդէն անցեալ տարի հանդիպում ունեցած էինք «Միասին» ընկերային ցանցի հարթակին շուրջ քննարկման համար, որ ձեւով մը հայկական «Դիմագիրք»-ն է։ Մէկ տարի ետք, ի՞նչ զարգացումներ տեղի ունեցած են, ան այսօր ինչպէ՞ս կը ներկայանայ հանրութեան, գործարկումի ի՞նչ հարցեր ու կարիքներ ունի, նկատի ունենալով ներկայիս Հայաստանի քաղաքական պայքարը իր դրացիներուն հետ, որ կարեւոր է, բայց նոյնքան կարեւոր են նաեւ Սփիւռքի հարցերը, որոնց մասին շատ չի խօսուիր։
Վարդան Գաբրիէլեան – Լաւ կը յիշեմ, որ «Միասին»-ի մասին մեր առաջին տեսակցութիւնը «Նոր Յառաջ»-ի հետ էր եւ շնորհակալ եմ ատոր համար։ Պէտք է ըսեմ, որ մենք ուշացումով յառաջ գացած ենք, որովհետեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) ոլորտը շատ խաբուսիկ է, այն առումով որ ինչքան ընես տակաւին ընելիք կայ, ուղղելիք կայ, սրբագրութիւնները շատ են, գնահատականները տարբեր են։ Մենք ատեն-ատեն մեր պեթա տարբերակը փորձարկման դրած ենք մի քանի հարիւր օգտատէրերու համար, որոնք մեզի հետ կ՚աշխատին, եւ որոնցմէ ոմանք աշխուժ են, ոմանք ալ նուազ աշխուժ։ Յամենայն դէպս, կը ստանանք գնահատականներ, նկատողութիւններ ու առաջարկներ։
Անցնող տարին յատկացուցինք որոշ գործարկումներ զարգացնելու եւ ուղղումներ կատարելու։ Բայց ինչպէս գիտէք, բոլոր start-up-երու պարագային ժամանակացոյցը յարգելը քիչ մը դժուար է, կարծէք օրինաչափ է եւ մենք ալ ատոր մէջ թաթխուած ենք, հետեւաբար մեր ճշդած թուականները չկրցանք յարգել։ Այժմ փորձնական տարբերակը արդէն մեծ թիւով մարդիկ կ՚օգտագործեն, իրարու հետ կապի մէջ ենք, հաճելի անակնկալներ ալ կ՚ունենանք, օրինակ՝ քանի մը օր առաջ օգտատէր մը գրեց որ «Միասին»-ի շնորհիւ իր փնտռած անձին հետ կրցած է կապուիլ, այսինքն առաջին քայլերը շատ հետաքրքրական են։ Ըսեմ, որ մեր խոստացած գործառոյթներուն 95 առ հարիւրը արդէն առկայ է, միջոցառումներ կը կազմակերպենք, նկարներ կը տեղադրենք եւ այս բոլորը առայժմ անվճար։
«ՆՅ» – Լաւ կ՚ըլլայ գործառոյթներու վրայ կեդրոնանանք։ Ներկայիս որո՞նք են այն գործառոյթները զորս կ՚ապահովէ «Միասին»-ը։
Վ.Գ. – Ունինք գրառումներու պատը, ուր օգտատէրերը կրնան օրուան ընթացքին իրենց փիլիսոփայական, անձնական, զուարճալի ըսելիքները տեղադրել եւ բոլոր հարթակներու նման ստանալ like-եր կամ մեկնաբանութիւններ, այլ խօսքով կիսուիլ ուրիշներու հետ։ Ստեղծած ենք ակումբներ եւ համայնքներ։ Ակումբները կապուած են հոպպիներու (hobby) հետ։ Մենք արդէն 1200 հոպպի նկատի առած ենք, բայց կարելի է իւրաքանչիւրը իր փափաքած հոպպին կամ սիրած զբաղումը աւելցնել, եթէ իր փնտռածը մեր ցանկին մէջ չգտնէ, այդ պարագային մեր կողմէ վաւերացուելէ ետք, տուեալ անձը կրնայ իր հոպպին ունենալ։ Այդ հոպպիին շուրջ կարելի է ստեղծել ակումբ, ակումբին շուրջ՝ հետեւորդներ կամ համախոհներ, վերջիններուս հետ՝ միջոցառումներ, ինչպէս թատրոն, լեռնագնացութիւն, երգչախումբ, արուեստ, մարզանք…, այդ օգտատիրոջ քաղաքին մէջ կամ՝ առցանց աշխարհով մէկ։
Նոյն ձեւով կը ստեղծուին համայնքներ, որոնք ակումբներու սկզբունքը ունին, բայց ոչ թէ հոպպիներու շուրջ, անոնք կրնան քաղաքական ըլլալ, հոգեւոր կեանքի հետ կապուած ըլլալ, բնապահական եւ այլն։
«ՆՅ» – Հոպպի ըսելով զբաղում կը հասկնա՞ք, որ օգտատէրը կրնայ անոր շուրջ համախոհներ հաւաքել։
Վ.Գ. – Հաւաքել կամ միանալ անոր։ Իւրաքանչիւրը կրնայ իր նախընտրած զբաղումին շուրջ ակումբներ ստեղծել եւ ձեռնարկներ կազմակերպել կամ միանալ անոնց, որոնք արդէն գոյութիւն ունին։
Նոր եւ շատ կարեւոր գործառոյթ մը ունինք՝ «Եկուր հանդիպինք» անունով, որ առիթ կու տայ մարդոց առցանց յարաբերութիւններէ յետոյ երթալու դէպի շօշափելի մարդկային յարաբերութիւններ,– որ նաեւ մեր նպատակն է,– անշուշտ մեր կողմէ հրաւէր կ՚ըլլայ, բայց դիմացինը կրնայ ընդունիլ կամ մերժել։ Ընդունելու պարագային կը ստեղծուին մարդկային յարաբերութիւններ, ի հարկէ յստակացնելով հանդիպումին նպատակը։ Ունինք նաեւ հարցախոյզներու շատ հարուստ համակարգ մը, որ կրնայ օգտագործուիլ քաղաքական կուսակցութիւններու, իշխանութիւններու, ընդդիմութեան, հասարակական կազմակերպութիւններու, որեւէ դպրոցի կամ գործարար կառոյցի կողմէ։ Սոյն համակարգը յագեցած կարելի է համարել եւ ես հոս առիթէն օգտուելով կը հրաւիրեմ այցելել www.miasin.com, ուր կրնաք լրացնել ձեր անձնական տուեալները՝ անուն, մականուն, հեռաձայնի թիւ ու ելգիրի հասցէ եւ այլն, եւ կը ստանաք մեր պեթա տարբերակը ու կը տեսնէք բոլոր գործառոյթները։
«ՆՅ» – Կ՚ենթադրեմ այս մէկը ուղղուած է անհատներու, բայց նաեւ կազմակերպութիւններու։ Այժմ ո՞ր հանգրուանին կը գտնուիք։
Վ.Գ. – Այս հարթակին հիմքը անհատն է, բայց վերջինս կրնայ իր նախընտրած կազմակերպութեան էջը բանալ, ըսել է, թէ անհատի վրայ կառուցուած է ամէն ինչ։ Իսկ այդ կազմակերպութիւնը՝ ըլլայ թատերական, հասարակական, թէ այլ, կրնայ իր ամբողջ ժողովական կեանքը կազմակերպել՝ անգոյական (virtuel) ձեւով՝ ժողովի հրաւիրել, միջոցառումներ ստեղծել։ Ի դէպ, ունինք նաեւ քուէարկութեան համակարգ, ուր կարելի է հանդիպիլ որեւէ կեդրոնի մէջ տուեալ նիւթի մը քննարկման համար։ Այլ խօսքով կազմակերպութիւններու կեանքը դիւրացնող համակարգ մըն է, բայց ամէն ինչ կը կատարուի անհատի հիման վրայ։
Մենք կ՚ուզենք ընդհանրապէս հայ անհատին օգտակար ըլլալ, սակայն ըստ մեզի, հայ անհատը ան չէ որ միայն աշխուժ է համայնքային կեանքի մէջ, այլեւ ան որ հեռաւոր շրջանի մը մէջ ապրելով որեւէ կապ չունի հայութեան հետ, բայց կը փափաքի այդ կապը ստեղծել, կամ ալ ընդհանրապէս սովորութիւն չունի միանալու հայ համայնքի մը հետ, բայց արիւնը կ՚եռայ մէջը եւ կ՚ուզէ հայկականութեամբ ապրիլ։ Հետեւաբար այս համակարգը (plateforme) ուղղուած է նաեւ շուրջ 75–80 տոկոս հայերու, որոնք ներգրաւուած չեն համայնքային, կազմակերպական կամ միութենական կեանքի մէջ։ Օրինակ՝ մենք այժմ քննարկումներու մէջ ենք ուսանողական միջավայրերու հետ եւ ուսանողներուն առիթ կու տանք այլ երկիրներու մէջ բնակող եւ փորձառութիւն ունեցող ուսանողներու հետ կապ հաստատելու եւ օգտուելու անոնց խորհուրդներէն՝ վարչական, նիւթական եւ այլ հարցերու կապակցութեամբ։ Պարզ խօսքով այս համակարգը իրարու օգնելու շտեմարան մըն է, ոչ միայն ուսանողներու, այլ ամէն հայու, ամէն ոլորտի մէջ։
«ՆՅ» – Ձեր ստեղծած առցանց հարթակը, որ առիթ կու տայ անմիջական շփումներու, ինքնին նորոյթ է եւ հաւանաբար աւանդական կազմակերպութիւնները պէտք է հետաքրքրուած ըլլան այս հարցով։ Անոնք մօտեցա՞ծ են ձեզի, կամ տեղեա՞կ են ձեր գործունէութեան դաշտին։
Վ.Գ. – Կ՚ենթադրեմ բոլորը տեղեակ են, հակառակ անոր որ այս ուղղութեամբ մենք տակաւին շատ «մեղմ» քարոզչութիւն կ՚ընենք, սակայն, Եկեղեցւոյ, միութիւններու կամ կուսակցութիւններու հետ ես անձնապէս կապ հաստատած եմ, բաց շփումներ ունիմ անոնց հետ։ Ըսեմ, որ մենք նաեւ այլ հարթակներու վրայ քարոզչութիւն կը կատարենք շնորհիւ հարցազրոյցներու կամ այլ միջոցներու։ Այսինքն մեր աշխատանքին մէջ գաղտնի բան մը չկայ եւ ամէն ինչ բացայայտ է։ Կրնամ վստահեցնել, թէ «Միասին»-ը բոլորին սիրտին կը խօսի եւ կրնայ նպաստել ամէնուն աշխատանքին՝ Հայ դատին, բարեսիրական, մարզական միութիւններուն…։ Մեր հիմնական նպատակն է այս գործիքին շնորհիւ երիտասարդները քով-քովի բերել։ Սոյն հարթակը փաստօրէն խօսքէն անդին անցնելու գործիք մըն է, դրուած բոլորի տրամադրութեան տակ, զոր պէտք է ճիշդ ընկալել եւ օգտագործել։
«ՆՅ» – Ցարդ ի՞նչ հակազդեցութիւն կամ արձագանգներ կան։
Վ.Գ. – Անկեղծօրէն, արձագանգները շատ դրական են, բայց այդ չի նշանակեր, որ մարդիկ շարքի կեցած են իրենց կարծիքը յայտնելու սոյն հարթակին վերաբերեալ։ Ես վերջերս առիթ ունեցայ Պէյրութի մէջ հանդիպելու կարեւոր անձնաւորութիւններու հետ, որոնք շատ բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքը։ Արամ Ա. Վեհափառ հօր հետ տեսակցութեան ընթացքին ան յայտարարարեց, թէ ոչ միայն կը քաջալերէ, այլ նաեւ կը հովանաւորէ մեր գործը, ըսել է թէ Վեհափառ հօր արձագանգը արդէն ամէն ինչ կ՚ըսէ մեր ծրագրին ընդունման , բայց նաեւ մասնակից եւ օգտակար դառնալու ցանկութեան մասին։ Պէտք է ըսեմ, որ այս ամէնը մեր մասնագիտական, բծախնդիր, հետեւողական եւ նուիրուած խումբի աշխատանքին շնորհիւ է, այս ծրագիրը մեր ճակտի քրտինքով ստեղծուած է։ Սակայն սա չի նշանակեր, որ աւելցնելու բան մը չունինք, թերութիւններ չունինք։ Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք մեր օգտատէրերու նկատողութիւններուն եւ ըստ այնմ կը շարունակենք մեր ծրագրին մակարդակը բարձրացնելու աշխատանքը, ըլլալու աւելի մրցունակ։
«ՆՅ» – Այս հարթակը Համասփիւռքեան ծրագիր մըն է, որ կը քաջալերէ հայերու իրարու հետ գործակցութիւնը։
Վ.Գ. – Թոյլ տուէք նշել, որ մեր հարթակը, ոչ թէ համասփիւռքեան այլ համահայկական հարթակ մըն է, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի համար, այսինքն կ՚ընդգրկէ աշխարհի բոլոր անկիւնները՝ ուր որ հայ կայ, ըլլայ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածաշրջանի սփիւռքը, ըլլայ դասական սփիւռքը, հայախօս կամ ոչ-հայախօս սփիւռքը։ Ի վերջոյ Հաթակին կառոյցը 16 լեզուներով է, որպէսզի ո՛չ ոք դուրս մնայ մեր ցանցէն։
«ՆՅ» – Երբ կ՚ըսէք համահայկական հարթակ մըն է, ըսել է, նոր էջ մըն ալ կը բացուի հայաշխարհին առջեւ։ Հետաքրքրական է գիտնալ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս կ՚ընդառաջեն այս ծրագրին։
Վ.Գ. – Մեր գործը ժողովուրդի եւ անհատներու հետ է։ Հայաստանի մէջ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ առաջին շփումը տեղի ունեցած է, բայց կը կրկնեմ, որ մեր հիմնական կապը անհատներու հետ է։ Ըլլալով նախ եւ առաջ պետականամէտ եւ կրելով համահայկական մտածողութիւն, ամէն ինչ կ՚ընենք ի շահ պետութեան, բայց ոչ անպայման հայաստանակեդրոն, հետեւաբար չենք բացառեր Սփիւռքի կարիքներն ու հնարաւորութիւնները, բայց հայաստանասլաց ենք եւ մեր ուշադրութեան կեդրոնն է Հայաստանը, իր այժմու եւ ապագայ զարգացումով։ Անմիջապէս ըսեմ, որ մենք քաղաքական շարժում մը չենք, մեր գաղափարախօսութիւնը ազգային է եւ պետականակեդրոն, այսինքն ամէն ինչ կ՚ընենք Հայաստան պետութեան եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու համար։
«ՆՅ» – Պէտք է ըսել, թէ կարեւոր ծրագիր մըն է, որ փորձարկումի ընթացքի մէջ է։ Բայց միաժամանակ յաջողելու համար նիւթական մեծ ապահովութիւն եւ ներդրում կը պահանջէ։ Ի՞նչ կ՚ըսէիք այս ուղղութեամբ։
Վ.Գ. – Անշուշտ որ ներդրումներու պէտք ունինք։ Բացատրեմ. մենք երեք տարի աշխատեցանք մեր ունեցած բոլոր միջոցներով։ Առաջին փուլին մենք չդիմեցինք ներդրողներու օժանդակութեան՝ հարթակի ստեղծումը ամբողջապէս յանձն առնելով։ Ուրիշի գումարով մեր երազանքը իրականութիւն դարձնելու փոխարէն, մեր ճիգերով կազմեցինք այս հարթակը։
Այժմ հասած է բացումի՝ « launching » փուլը, որ կ՚ենթադրէ բաւական մեծ ծախսեր։ Հիմա մենք fundraising-ի սկսած ենք տարածելով https:// www.invest.miasin.com էջը, խնդրելով բոլոր հետաքրքրուող հայերէն, որ նախ ծանօթանան, տեսնեն հարթակին շահաւէտութիւնը եւ այս ծրագրին մէջ ներգրաւուին որպէս ներդրող, որ թէ՛ հայանպաստ եւ թէ՛ շահաբեր ծրագիր մըն է։ Այս փուլին մենք 250 հազար եւրօ նախատեսած ենք եւ կը խնդրենք ներդրողներուն մասնակցութիւնը։ Մենք 1250 եւրոյէն սկսեալ կ՚ընդունինք ներդրումները։ Կրնամ ըսել, որ առաջին քայլերը խրախուսիչ են եւ համոզուած եմ որ շարունակութիւնը յաջողութեամբ կը պսակուի։
«ՆՅ» – Ձեր հարթակին ընկերութիւնը ո՞ւր արձանագրուած է։
Վ.Գ. – Ընկերութիւնը Ֆրանսա արձանագրուած է, բայց առցանց ներկայութիւն մըն է։ Չմոռնամ ըսելու, որ մենք ունինք նաեւ դեսպաններու համակարգ։ Այսօր տարբեր երկիրներու, ինչպէս՝ Պրազիլի, Ուքրաինայի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի…, մէջ ունինք շուրջ տասը դեսպան, որոնք «Միասին»-ի կամաւորներ են, եւ իւրաքանչիւրը իր համայնքին մէջ այս հարթակին ականջն ու աչքն է, որպէսզի ժողովուրդին խօսքը հասցնէ «Միասին»-ին, որ իր կարգին կարողանայ տարածել աշխարհով մէկ։
Տեսակցութիւնը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։