Search
Close this search box.

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հայաստան մասնակցած է զբօսաշրջութեան բնագաւառի քննարկումներուն

Մայիս 31-ին, Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Վլադիմիր Պօղոսեան մասնակցած է Նիու Տելհի հրատարակուող «Travel Jingles» ամսագրի կողմէ կազմակերպուած զբօսաշրջութեան բնագաւառի քննարկումներուն վերաբերող հաւաքին: 

Հնդկաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներու կարգին, Պօղոսեան տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան կարելիութիւններուն մասին: 

Հաւաքին ցուցադրուած են նաեւ Հայաստանի տեսարժան վայրերը ներկայացնող Հայաստանի Զբօսաշրջութեան յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսահոլովակները: