Search
Close this search box.

Հռոմի պապը կ՚ողջունէ հայ եւ ազերպայճանցի բանտարկեալներու ազատ արձակումը

“Ես կ՚ողջունեմ զգալի թիւով հայ եւ ազերպայճանցի բանտարկեալներու ազատ արձակումը: Մեծ յոյսով կ՚արձանագրեմ այս դրական նշանը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման տեսանկիւնէն։ Կը խրախուսեմ կողմերը եւ անոնց առաջնորդները կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու”։ Հռոմի պապը Դեկտեմբեր 10-ին, պապական բնակարանի պատուհանէն այս խօսքերով արձագանգած է երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական վերջին յառաջընթացին։ Ծանօթ է, որ Դեկտեմբեր 7-ին Հայաստան եւ Ազերպայճան միացեալ յայտարարութեամբ մը խոստացան  ձեռնարկել վստահութեան ամրապնդման ուղղուած շօշափելի քայլերու։