ՀՌՈՄ. Միջեկեղեցական  երկխօսութեան ժողով՝ մասնակցութեամբ  Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ

Յունիս 20-էն 24 Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան խառն յանձնախումբի 18-րդ ժողովը, ուր ներկայ էին տարբեր երկիրներէ ժամանած Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու շուրջ 23 հոգեւորական։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը բաղկացած էր չորս անդամներէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն մասնակցած են՝ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Տիրան եպիսկ. Պետրոսեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն՝ Մակար եպիսկ. Աշգարեան եւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան։

Յանձնախումբը միաձայն ընդունած է «Խորհուրդները Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ» վերնագրով նոր փաստաթուղթ մը։ Հռոմի մէջ գումարուած նիստին սկսած է նաեւ երկխօսութեան նոր փուլ՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ ուսմունքին եւ կեանքին մէջ» բնաբանով, ուր քննարկուած են տարբեր աշխատութիւններ, մասնաւորապէս՝ Աստուածածինի Վերափոխման վերաբերեալ։

Յանձնախումբի յաջորդ նիստը, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը այս թեմայով, պիտի կայանայ 2023 թուականի Յունուար 31-էն Փետրուար 4, Եգիպտոսի Ուատի Էլ-Նադրուն անապատի Սուրբ Պիշոյի վանքին մէջ:

Յունիս 23-ին, նիստի մասնակիցները հանդիպում ունեցած են Փրանկիսկոս պապին հետ։

Ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքով Սրբազան քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնած է կատարուած «թանկարժէք աշխատանքին» եւ յատկապէս՝ եկեղեցական խորհուրդներու վերաբերեալ փաստաթուղթի ընդունման համար, շեշտելով որ ան կը հանդիսանայ «նոր քայլ դէպի լիարժէք հաղորդութիւն»։ Սրբազան քահանայապետը խօսած է էքիւմենիզմի «մկրտական, հովուական եւ տեղական» նկարագրին մասին։ “Մկրտութեան մէջ է քրիստոնեաներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ ամբողջական տեսանելի միասնութեան տենչանքի հիմքը։ Այս խորհուրդին շնորհիւ է, որ մենք կրնանք Պօղոս Առաքեալին հետ համատեղ հաստատել, որ «մենք ամէնքս ալ մէկ Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին ըլլալու համար»”,– ըսած է Փրանկիսկոս պապը: 

Հռոմի պապը մաղթած է, որ Սուրբ Հոգին մեզ ներշնչէ միասնաբար դէպի առաջ ընթանալու, ուղղորդուելով մարդոց հոգիներու ու Աստուծոյ ժողովուրդի բարօրութեան ցանկութեամբ եւ ոչ թէ բարոյական, աստուածաբանական կամ գաղափարական տարբերութիւններով, յիշեցնելով որ՝ Յիսուս Քրիստոս մարմնացաւ ու դարձաւ Աստուածապաշտ ժողովուրդի անդամ եւ ո՛չ թէ գաղափար։ 

Սրբազան քահանայապետը ընդգծած է «եղբայրաբար հանդիպելու կարեւորութիւնը՝ զիրար լսելու, կիսուելու ու միասին քալելու նպատակով» եւ ողջունած՝ տեղական համայնքներու մէջ՝ Եկեղեցիներու մերձեցման համար երիտասարդ սերունդի ներգրաւումը, որպէսզի «ուսմունքի շուրջ երկխօսութիւնը ընթանայ կեանքի երկխօսութեան հետ միասին»։ 

Յիշեցնենք, որ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ միջազգային յանձնախումբը, որ ստեղծուած է 2003 թուականին, կը ներառէ Կաթողիկէ, Ղպտի Ուղղափառ, Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ, Հայ Առաքելական, Եթովպիոյ Ուղղափառ եւ Մալանկարա Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: ■