Search
Close this search box.

ՄԱԿ-ի զեկուցող. «Ազերպայճան կը ծրագրէ ոչնչացնել Արցախի մէջ Հայերու ներկայութեան բոլոր հետքերը» 

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, որ նաև ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մնայուն ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակած է ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերու յատուկ զեկուցող Ալեքսանտրա Զանթաքիի հաղորդագրութիւնը՝ Արցախի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին մասին։

Զեկուցողը մտահոգութիւն կը յայտնէ հայկական պատմական, մշակութային, կրօնական վայրերու եւ կառոյցներու ոչնչացման ու իւրացման շարունակական արարքներու, Հայերու ներկայության հետքերը ջնջելու նպատակով Արցախի պատմութեան կազմակերպուած խեղաթիւրման, ինչպէս նաև տարածաշրջանի Հայութեան նկատմամբ խտրականութեան եւ մարդկային իրաւանց միջազգային չափանիշերու խախտումով իրագործուող ճնշումներուն կապակցութեամբ:

«Զիս յատկապէս կը մտահոգեն այն պնդումները, որ մարդոց, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշերու վրայ յարձակումները, պատմութեան կեղծումը, տեղանուններու ջնջումը եւ հայատեաց քարոզչութիւնը  կրնան վերածուիլ մշակութային զտումներու»,– ընդգծած է ՄԱԿ-ի զեկուցողը: