Search
Close this search box.

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը ընդունած է Հայաստանի ներկայացուցած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեը 

Ապրիլ 3-ին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի (ՄԻԽ) 55-րդ նստաշրջանին, համաձայնութեամբ  ընդունուած է Հայաստանի ներկայացուցած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը: 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ «հիմք ընդունելով “Ցեղասպանութեան ոճիրը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին” համաձայնագիրը՝ երկու տարին անգամ մը ներկայացուող բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս ոճրագործութեան կրկնութեան վտանգներու եւ զանոնք կանխելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Այս տարուան բանաձեւի բնագրին մէջ, նկատի առնելով ժամանակակից մարտահրաւէրները` կարեւոր դրոյթներ աւելցուած են կանուխ նախազգուշացման եւ ցեղասպանութիւններու հետ կապուած վտանգներու վերաբերեալ: Մասնաւորապէս, այդպիսի վտանգներու շարքին կը նշուին զինեալ հակամարտութիւններու օգտագործումը ցեղասպանութիւնգործգելու նպատակով եւ որպէս պատերազմ վարելու արգիլուած միջոց՝ խաղաղ բնակչութիւնը սովի մատնելու անթոյլատրելիութիւնը:

Բանաձեւը անպատժելիութիւնը կ՚որակէ ցեղասպանութիւններու, պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու վտանգի զգալի գործօն` ընդգծելով, որ այն պէտք է հասցէագրուի հետաքննութեան, քրէական հետապնդման եւ պատիժի միջոցով: Այս առումով յատկանշական է այն փաստը, որ բանաձեւը կ՚ընդգծէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի դերը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման և պատիժի հարցերուն կապակցութեամբ:

Փաստաթուղթով կը նախատեսուի ՄԱԿ-ի ՄԻԽ-ի 58-րդ նստաշրջանին առանձին քննարկում կազմակերպել կանուխ նախազգուշացման նիւթով: Կոչ կ՚ուղղուի ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձր յանձնակատարի գրասենեակին՝ քաջալերելու թէ՛ անդամ պետութիւններու, թէ՛ ալ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցով յատուկ խորհրդականի, պայմանագրային մարմիններու, յատուկ ընթացակարգերու, քաղաքացիական հասարակութեան, մարդկային իրաւանց ազգային հիմնարկներու, ակադեմիական շրջանակներու եւ մասնաւոր հատուածի մասնակցութիւնը՝ սոյն քննարկման»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: