Search
Close this search box.

ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ – Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հատորին շնորհահանդէսը

Մարտ 10-ին, դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Լոնտոնի մէջ մասնակցած է Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքի շնորհահանդէսին։

Հատորը կը պարունակէ Չարենցի ամէնէն սիրուած «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը 36 լեզուներով՝ նկարազարդուած Մարտիրոս Սարեանի ստեղծագործութիւններով։

Հայաստանէն հանդիսութեան մասնակցած են «Պուքինիսթ» հրատարակչութեան ներկայացուցիչները։

Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձած է Չարենցի դերին եւ անոր գրական ժառանգութեան՝ յատկապէս ընդգծելով հայ մեծանուն գրողի բանաստեղծութեան բազմաթիւ լեզուներու թարգմանութիւնը, որ մեծապէս կը նպաստէ օտարները հայ գրականութեան եւ պատմամշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու նպատակին։