Յունիս 8-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Կալլէսի Հայ համայնքային կեդրոնի հովանաւորութեամբ Քլինկըն երգչախումբը եւ մշակութային միութիւնը ներկայացուցին համերգ-ցուցահանդէս՝ նուիրուած հայ անուանի երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին։
Օրուան ոգեկոչումները սկսան Խաղաղութեան տաճարին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձան հանդիսաւոր այցով։ Անոր յաջորդեց այցելութիւնը Կալլէսի մայրաքաղաք Գարտիֆի Հայկական համայնքային կեդրոն, ուր ներկաները կարելիութիւնն ունեցան այցելելու Կոմիտասի գրած նամակներու եւ ուշ օսմանեան դարաշրջանի հայկական գեղարուեստական զարդերու ցուցահանդէսը:
Օրուան գլխաւոր իրադարձութիւնը սակայն Սուրբ Գերման եկեղեցւոյ մէջ կայացած համերգն էր։
Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան՝ ընդգծելով կալլէսահայ համայնքի կենսունակութիւնը։ Այնուհետեւ, դեսպանը յարգանքի տուրք մատուցեց Կոմիտաս վարդապետին, զայն գնահատելով հայկական մշակութային ժառանգութեան յենասիւնը։ Ան նաեւ նշեց Կալլէսի եւ Հայաստանի միջեւ կապը՝ ընդգծելով կալլէսահայ համայնքին կարեւորութիւնը, որ կամուրջ մը կը հանդիսանայ երկու ժողովուրդներու ընդհանուր արժէքներուն համար՝ մշակութային փոխանակման միջոցով:
Գարտիֆի այս յատուկ համերգը կը յաջորդէր այս տարուան Մայիս 18-ին Լոնտոնի մէջ կայացած նման յաջող ելոյթին: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։