Նոյեմբեր 28-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է գերատեսչութեան 2022-ի գործունէութեան հաշուետւութեան խորհրդակցութիւն-քննարկում, որուն մասնակցած են փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեան եւ Համբարձում Մաթեւոսեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Ելեւմուտքի փոխնախարար Վահէ Յովհաննիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Քննարկման ընթացքին վարչապետը մասնաւորաբար անդրադարձած է տիեզերական ոլորտի զարգացման ուղղուած քայլերուն: Անդրադառնալով այս տարուան ընթացքին հայկական ռազմավարական առաջին արբանեակին տիեզերք արձակման մասին, Փաշինեան նշած է, թէ այս բնագաւառի պատասխանատուները իրեն զեկուցած են, որ մինչեւ 2028 թուականը նախատեսուած է տիեզերք արձակել հայկական երկու արբանեակ եւս: Կը նախատեսուի 2023-ին Հայաստանի մէջ ստեղծել արբանեակի կառավարման կեդրոն եւ ընդունիչ կայան, որու գլխաւոր գործառոյթներէն են արբանեակի կառավարումը, տիեզերքէն առնուած լուսանկարներու ստացումը: Այդ նպատակով ընթացքի մէջ է մասնագէտներու վերապատրաստման գործընթացը:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է այս ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը, եւ թէ այս ոլորտի զարգացումը կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։