Search
Close this search box.

Միրզոյեան-Ֆիտան հեռաձայնային զրոյց

Հայաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց (ԱԳ) նա­խարա­րու­թեան հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան հա­մաձայն՝ Յու­նիս 25-ին, Հա­յաս­տա­նի ԱԳ նա­խա­րար Արա­րատ Միր­զո­յեան հե­ռաձայ­նա­յին զրոյց ունե­ցած է Թուրքիոյ իր պաշ­տօ­նակից Հա­քան Ֆի­տանի հետ։ 

Կող­մե­րը քննար­կած են եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ շա­րու­նա­կական երկխօ­սու­թեան, ինչպէս նաեւ տա­րածաշրջա­նային զար­գա­ցումնե­րուն առնչուող հար­ցեր։ Անոնք անդ­րա­դար­ձած են Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման հո­լովոյ­թին ու գո­յացած հա­մաձայ­նութիւննե­րու իրա­կա­նաց­ման վե­րաբե­րող քայ­լե­րուն եւս: ■