Նախագահ Պայտըն յայտարարած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու նոր դեսպանի թեկնածուին անունը

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու նոր դեսպանի պաշտօնին առաջարկած է Քրիսթինա Քվիէն-ի թեկնածութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ լուրը հաղորդուած է Սպիտակ Տան կայքին վրայ։

Ան 2019-էն ի վեր Ուքրաինայի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանի պաշտօնակատարն է։ 2016-էն 2019-ի Ապրիլ ամիսը վարած է Փարիզի՝ ԱՄՆ-ու փոխդեսպանի պաշտօնակատարի, դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդականի պաշտօնները: Եղած է նաեւ ԱՄՆ-ու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ ԵՄ-ի, Ուքրաինայի եւ Պելառուսի հարցերու տնօրէնուհի:

Գալիֆորնիա ծնած դիւանագէտը ունի ռազմավարական հետազօտութիւններու մագիստրոսի աստիճան:

Խմբագրական