Յունիս 1-ին, Նետերլանտներու Ալմելօ քաղաքի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, տեղւոյն հայ համայնքը պատիւ ունեցած է հիւրընկալելու Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը։
Այս տարի յոբելինական տարի է, կը զուգադիպի Ալմելոյի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ 20-ամեակին եւ համայնքը կը պատրաստուի նշելու զայն Սեպտեմբեր ամսուն։ Սրբազանի այցին առիթով եկեղեցւոյ սրահէն ներս համախմբուած են աւելի քան 200 հայ երիտասարդ հաւատացեալներ, որոնք եկած են հաղորդակից դառնալու բազմամեայ փորձառութեան եւ խորաթափանց մտածողութեան տէր հոգեւոր առաջնորդին հետ։
Խաժակ արք.ի ելոյթէն ետք ներկաները կարելիութիւն ունեցած են հարցադրումներու եւ միտքերու փոխանակման միջոցով շփուելու Սրբազան հօր հետ։
Միջոցառման աւարտին կազմուեցած են քանի մը աշխատանքային խումբեր, որոնց ընդմէջէն մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են քննարկելու անձի ձեւաւորման եւ եկեղեցապատկան գործունէութեան յաջողութեան գրաւականներու վերաբերեալ հարցեր։
Աւարտին, Խաժակ սրբազան իր եզրափակիչ խօսքով կոչ ուղղած է երիտասարդներուն խորապէս մտածելու, համարձակօրէն գործելու, ամբողջ սիրտով պարտաւորուելու եւ ինքնազարգանալու։ Ան խրախուսած է զանոնք օգտագործելու իրենց հնարաւոր բոլոր միջոցները՝ դրականօրէն նպաստելու իրենց համայնքին եւ ամրապնդելու այն գաղափարը, որ իրենց ներգործութիւնը կրնայ առանցքային ըլլալ։
Հիմք ընդունելով այս յաջող նախափորձը՝ յառաջիկայ աշնան Նետերլանտներու մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել կրկին նման հաւաք մը։
Խաժակ արք. Պարսամեանի այցը Ալմելօ արթնութեան կոչ մը եղած է ամբողջ համայնքին եւ յատկապէս երիտասարդներուն։
Ներկայիս համայնքը մեծ խանդավառութեամբ եւ յանձնառութեամբ կը պատրաստուի իր եկեղեցւոյ 20-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան՝ խորապէս գիտակցելով որ իրենք են ժառանգորդները եւ պահապանները մեր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։