Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
Յուլիս 7-ին, Հայազգի անուանի գիտնական, գործարար, բարերար Նուպար Աֆէեանին շնորհուած է Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) պատուոյ դոկտորի կոչում։
Ան մասնակցած է կենսաբանական գծով գիտական եւ արհեստագիտական 20-է աւելի հաստատութիւններու հիմնադրման ու կայացման, հանդէս եկած է մարդասիրական նախաձեռնութիւններով, արժանացած է պետական պարգեւներու եւ մրցանակներու։
Աֆէեան նաեւ «Moderna» պատուաստանիւթը արտադրող ընկերութեան ղեկավարն է եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրը։
ԵՊՀ-ի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, գիտնականը ելոյթ ունեցած եւ պատասխանած է ներկաներու եւ լրասփիւռներու հարցումներուն։ ■
Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։
Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։