Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ

Յունիս 25-ին, Ուրուկուայի հեղինակաւոր «Սոլիս» (Solís) թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին նուիրուած համերգ մը, որու ծիրէն ներս հանդէս եկած է հայրենի անուանի դաշնակահար Հայկ Մելիքեան:

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած համերգին, Հայկ Մելիքեան՝ Մոնթեվիտէոյի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ, խմբավար Ալվառօ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուցած է Խաչատրեանի հանրածանօթ ստեղծագործութիւնները՝ «Դիմակահանդէս»-ի վալսը, «Զանգեզուրի քայլերգը», «Գայիանէ» պալէէն հատուածներ եւ այլն:

Հայաստանի դեսպանութեան հրաւէրով համերգին ներկայ եղած են Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պետական գերատեսչութիւններու աշխատակիցներ, օտար երկիրներու դիւանագէտներ։

Համերգին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին դեսպան Մարիամ Գէորգեան շնորհակալագրերով պարգեւատրած է դաշնակահար Մելիքեանը եւ խմբավար Յակոբեանը՝ Արամ Խաչատրեանի երաժշտական ժառանգութիւնը Ուրուկուայի մէջ լաւագոյնս ներկայացնելնուն համար:

Այս բացառիկ համերգի շրջանակին մէջ դեսպանութիւնը՝ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին համագործակցութեամբ, «Սոլիս» թատրոնին մէջ ներկայացուցած է նաեւ Խաչատրեանի՝ 1957-ին Ուրուկուայ կատարած այցելութեան լուսանկարներու ցուցահանդէսը: