Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Մոնթէվիտէոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը կատարուած է

Մարտ 21-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ուրուկուայի իր պաշտօնակից Օմար Փականինիի մասնակցութեամբ, մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի դեսպանութեան բացման պաշտօնական արարողութիւնը։ Ներկայ եղած են Ուրուկուայի պետական պաշտօնատարներ, օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ։

Նախարար Միրզոյեան դեսպանութեան շէնքին առջեւ բարձրացուցած է Հայաստանի դրօշակը, այնուհետեւ հնչած են երկու երկիրներու փառերգերը։ Նախարարը իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.

“Հայաստանի եւ Ուրուկուայի յարաբերութիւնները հիմնուած են երկու ժողովուրդներու միջեւ երկարամեայ պատմական ջերմ եւ բարեկամական կապերու վրայ։ Աւելի քան հարիւր տարի առաջ այս երկիրը ապաստան տուած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած Հայերուն եւ առ այդ ես կ՚ուզեմ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Ուրուկուային եւ ուրուկուայցի ժողովուրդին։ Կ՚ողջունեմ նաեւ Ուրուկուայի հայ համայնքը՝ երկու պետութիւններու միջեւ կամուրջ հանդիսանալուն համար։ Այս դեսպանութիւնը նաեւ Ուրուկուայի հայ համայնքին պահանջով եւ ջանքերով կեանքի կոչուած է”։