Search
Close this search box.

Պաքուի համաձայն՝ Արցախի նախկին ղեկավարներու բանտարկութեան ժամանակաշրջանը պիտի երկարաձգուի

 

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ կը նախատեսուի երկարաձգել գերութեան մէջ գտնուող Արցախի բոլոր նախկին ղեկավարներու բանտարկութեան ժամանակաշրջանը։

Այս կապակցութեամբ Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած խեղկատակ դատական նիստերուն համապատասխան դիմումներ ներկայացուած են դատարան։ 

Անկէ առաջ հաղորդուած էր, թէ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուած է հինգ ամիսով։