ՊՐԻՒՍԷԼ. Շառլ Միշէլի յայտարարութիւնը եռակողմ նոր հանդիպումէն ետք

Սահմանազատում, խաղաղութեան պայմանագիր, ապաշրջափակում

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ Պրիւսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքները ամփոփած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.-

«Այսօր (Մայիս 22-ին – «ՆՅ») կրկին հիւրընկալեցի Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը։ Ասիկա մեր երրորդ քննարկումն էր այս ձեւաչափով։ Մենք կեդրոնացանք Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին եւ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին հետ ԵՄ-ի յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։

Քննարկումը անկեղծ եւ արդիւնաւէտ էր։ Մենք վերանայեցանք զանազան հարցեր: Մանրամասնօրէն քննարկեցինք մարդասիրական բնագաւառի, այդ կարգին՝ ականազերծման, բանտարկեալները ազատ արձակելու եւ անհետացածներու ճակատագրի լուծման ուղղուած ջանքերուն առնչուող խնդիրներ:

Առ այդ յանգեցանք հետեւեալ արդիւնքներուն.-՝

– Սահմանային հարցեր

Յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին տեղի կ՚ունենայ Սահմանային յանձնաժողովներու առաջին միատեղ նիստը, որ կը կեդրոնանայ բոլոր այն հարցերուն վրայ, որ կը վերաբերին սահմանազատման, ինչպէս նաև կայուն իրավիճակի ապահովման:

Կապ

Ղեկավարները համակարծիք են, որ անհրաժեշտ է շարունակել երթեւեկութեան կապերու ապաշրջափակումը։ Անոնք համաձայն են՝ Արեւմտեան Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի ու Հայաստանի տարբեր շրջաններուն միջեւ Ազերպայճանի տարածքով տարանցման, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկիրներու հաղորդակցութեան ենթակառոյցներու միջոցով միջազգային երթեւեկի սկզբունքներուն շուրջ։ Յատկանշական է, որ կողմերը համաձայնեցան սահմաններու կառավարման, անվտանգութեան, ցամաքային վճարումներու, ինչպէս նաեւ մաքսային սկզբունքներու շուրջ՝ միջազգային երթեւեկութեան համածիրին մէջ: Երկու երկիրներու փոխվարչապետերը այս աշխատանքը կը սկսին յառաջիկայ օրերուն։

– Խաղաղութեան համաձայնագիր

Երկու ղեկավարները համաձայնեցան շարունակել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող ապագայ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ քննարկումները։ Արտաքին գործոց նախարարներու գլխաւորած խումբերը յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին կը ձեռնարկեն այս գործընթացին։ Այս առումով, ես երկու ղեկավարներուն ալ շեշտեցի, թէ անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել Ղարաբաղի մէջ էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան:

– Ընկերային-տնտեսական զարգացում

ԵՄ-ը երկու կողմերուն հետ կը շարունակէ Տնտեսական խորհրդատուական խումբին աշխատանքը, որ կը միտի տնտեսական զարգացման` ի շահ երկու երկիրներու և անոնց բնակչութեան:

Ես նաեւ շեշտեցի բնակչութիւնը՝ մնայուն կայուն խաղաղութեան նախապատրաստելու կարեւորութիւնը։ ԵՄ-ը պատրաստ է ընդլայնելու իր աջակցութիւնը այս ուղղութեամբ:

Մենք համաձայնեցանք սերտ կապի մէջ մնալ եւ կրկին հանդիպիլ նոյն ձեւաչափով մինչեւ Յուլիս-Օգոստոս ամիսները։ 

Շնորհակալութիւն»: