Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – Փեթեր Սթանօ. «Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է ընտրել իր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործընկերները»

Եւ­րո­պական Միու­թեան (ԵՄ) Ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան հար­ցերու մամ­լոյ բան­բեր Փե­թեր Սթա­նօ՝ Ազեր­պայճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւի՝ Ֆրան­սա­յի հաս­ցէին եւ ֆրան­քեւհայ­կա­կան ռազ­մա­կան հա­մագոր­ծակցու­թեան ուղղուած մե­ղադ­րանքնե­րուն ու սպառ­նա­լիք­նե­րուն ի պա­տաս­խան նշած է, թէ ԵՄ-ի սե­փական պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ եր­կար հա­կամար­տու­թե­նէն ետք եր­կիրնե­րու միջեւ վստա­հու­թեան ձե­ւաւո­րու­մը նե­րողամտու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն եւ ժա­մանակ կը պա­հան­ջէ։

Յու­նիս 25-ին, Պրիւ­սէ­լի մէջ «Ար­մէնփրէս»-ի թղթակ­ցին հար­ցումին պա­տաս­խա­նելով՝ Սթա­նօ վե­րահաս­տա­տած է ԵՄ-ի պատ­րաստա­կամու­թիւնը՝ աջակ­ցե­լու խա­ղաղու­թեան հո­լովոյ­թին։

“Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խան իրա­ւունքն է՝ ընտրել իր անվտան­գութեան եւ պաշտպա­նու­թեան գոր­ծընկեր­նե­րը։ ԵՄ-ը կը շա­րու­նա­կէ աջակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի միջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կար­գա­ւոր­ման հո­լովոյ­թին, յա­ռաջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու բո­լոր ջան­քե­րուն եւ կը խրա­խու­սէ վճռա­կան քայ­լե­րը՝ տա­րածաշրջա­նին մէջ կա­յուն եւ յա­րատեւ խա­ղաղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար”,– շեշ­տած է դի­ւանագէտը։ ■