Search
Close this search box.

Ռուս խաղաղապահներու շարասիւնը Արցախէն ուղղուած է դէպի Գորիս

Ապրիլ 22-ի երեկոյեան, Արցախէն մեկնող ռուս խաղաղապահներու կառքերու շարասիւնը անցնելով Բերձորի միջանցքէն ուղղուած է դէպի Հայաստան (Գորիս)։ Անոնց ուղեկցած է  Հայաստանի ռազմական ոստիկանութեան կառքը։

Իսկ թէ Գորիսէն անոնք ո՞ւր պիտի երթան, տակաւին յստակ չէ

Արմէն Գրիգորեան. «Խաղաղապահները չեն մնայ Սիսիան եւ Գորիս. անոնց տեղակայման վայրերը կը փակուին»

Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան նշած է, թէ Արցախէն մեկնող ռուս խաղաղապահ զօրախումբը Գորիսի եւ Սիսիանի մէջ իր տեղակայման առժամեայ վայրերը փակելու աշխատանքը կազմակերպելու համար այժմ հոն կը գտնուի։

“Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ գործունէութիւն ծաւալելու համար ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին առժամեայ տեղակայման վայրեր յատկացուած էին Գորիսի եւ Սիսիանի մէջ՝ Լաչինի միջանցքի բնականոն երթեւեկը ապահովելու նպատակով։ Քանի որ այդ  խաղաղապահ զօրախումբը կը լքէ Լեռնային Ղարաբաղը, հասկնալիօրէն չի կրնար մնալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ”,– ընդգծած է ան։