«ՍԹԱՐՄՈՒՍ» միջազգային փառատօնը՝ Սեպտեմբեր 5-էն 10, Երեւանի մէջ

Սեպտեմբեր 5-էն 10, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «ՍԹԱՐՄՈՒՍ» հանրածանօթ փառատօնը, որ ի մի պիտի բերէ համաշխարհայնօրէն ծանօթ գիտնականներ, Նոպէլեան դափնեկիրներ, աստղանաւորդներ, ինչպէս նաեւ գիտութեան, գեղարուեստի եւ արհեստագիտութեան աշխարհներու ամէնէն փայլուն դէմքերէն շուրջ 50 անձնաւորութիւններ։   

Փառատօնին խորագիրն է «STARMUS VI. 50 տարի Հրատի վրայ», նուիրուած՝ Հրատ մոլորակին վրայ «Հրատ 3» տիեզերակայանի առաջին վայրէջքի 50-ամեակին: Փառատօնի ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուին դասախօսութիւններ, համերգներ, գիտական ճամբարներ, կլոր-սեղաններ, յատկապէս ուսանողներու եւ երիտասարդներու համար։