Սկովտիա – Հայաստան՝ 2 – 0

ԻՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկայի 2023-ի մրցաշարքին մէջ, ի հաշիւ Բ. խումբի թիւ 1 խմբակի մրցումներուն՝ Չորեքշաբթի, Յունիս 8-ին Սկովտիա կը հիւրընկալէր Հայաստանը, որ իր առաջին մրցումը 1-0 շահած էր ընդդէմ Իռլանտայի։

Հայրենի հաւաքականը այս անգամ չկրցաւ ցուցաբերել նոյն յաջողութիւնը եւ Կլազկոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն՝ 0-2 պարտութեամբ դուրս եկաւ։ Սկովտիոյ կէտերը արձանագրեցին 28-րդ վայրկեանին Ռալսթոն եւ 40-րդ վայրկեանին ՄըքՔեննա։

Այս խմբակին միւս մրցումին՝ Իռլանտա իր դաշտին վրայ 0-1 պարտուեցաւ Ուքրաինայէն։

Հայաստանի յաջորդ մրցումը Ուքրաինայի հետ է, վերջնոյս դաշտին վրայ։ Այս հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Շաբաթ, Յունիս 11-ին։