Դեկտեմբեր 10-ին, Պաշտպանութեան նախարարութեան յարկին տակ ընթացան Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանութեան ռազմավարութեան առնչութեամբ խորհրդակցութիւններ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութեան մէջ՝ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ բազմակողմ գործողութիւններու ծառայութեան պետ Ալեքսանտր Էսքորսիայի գլխաւորութեամբ։
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին ամփոփուեցան համագործակցութեան ծիրէն ներս 2024-ին իրականացուած աշխատանքները եւ յստակօրէն ձեւակերպուեցան յաջորդ տարուան ծրագրերը: Կողմերը հաստատեցին վերջին շրջանին աշխուժ համագործակցութեան ռազմավարական նշանակութիւնը եւ սահմանեցին գործակցութիւնը զարգացնելու աւելի բարձր նշաձող: Առանձնապէս ընդգծուեցաւ գործակցութիւնը՝ ռազմական կրթութեան ու վարժութիւններու, խորհրդատուական աջակցութեան, բանակային տարբեր ուժերու պատրաստութեան, ռազմաթեքնիք բնագաւառներու մէջ:
Նոյն օրը, Ալեքսանտր Էսքորսիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխնախարար, զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Էդուարդ Ասրեանի հետ:
Քննարկուեցան Հայաստանի բանակի բարեփոխումներու ուղղութեամբ առաջնահերթութիւնները եւ այդ շրջանակին մէջ Ֆրանսայի հետ գործակցութեան հոլովոյթը: Կողմերը գաղափարներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերուն շուրջ:
Խորհրդակցութիւններու աւարտին ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա պաշտպանական գործակցութեան 2025-ի ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ բազմատասնեակ գործունէութիւններ, բանակի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։