Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը տեղեկացնէ, թէ կը դադրեցնէ որեւէ համագործակցութիւն Հանրային հեռատեսիլի ընկերութեան հետ։
«Հանրային հեռուստաընկերութեան ղեկավարները եւ պատասխանատու անձերը հաւատաւոր հայ ժողովրդին զրկում են իր իսկ ազգային հեռուստաալիքից լսելու իւր հոգեւոր պետի՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամը։
Այսու դադարեցնում ենք որեւէ համագործակցութիւն Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ. քանի դեռ կը մնաք այսպէս, ուրեմն Մայր Աթոռի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան դռները փակ են ձեր առջեւ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։