Յունիս 30-ին, Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է արդէն աւանդութիւն դարձած Ջիւանիի օրուան տօնակատարութիւնը։ Ձեռնարկին մասնակցած են Սամցխէ-Ջավախեթիի մէջ Վրաստանի կառավարութեան ներկայացուցչի տեղակալ Դաւիթ Վարդիաշվիլի, Ախալքալաքի քաղաքապետ Մելքոն Մակարեան, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Վահագն Տօնոյեան, բազմաթիւ հիւրեր Վրաստանէն եւ Հայաստանէն։
Ներկաները նախ ծաղիկներ զետեղած են Աշուղ Ջիւանիի կիսանդրիին առջեւ, այնուհետեւ այցելած են անոր տուն-թանգարանը, որուն յաջորդած է համերգային յայտագիր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։