«Տիեզերական ճամբար 2022»-ը նոր կարելիութիւն Սփիւռքի պատանիներուն համար

ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ՚ունենայ «Տիեզերական ճամբար 2022» (SpaceCamp 2022)-ը: Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին հետ համագործակցաբար՝ ճամբարը այս տարի կ՚ընդլայնէ իր շրջանակը՝ մասնակցութեան առիթ ստեղծելով նաեւ Սփիւռքի պատանիներուն:

Ճամբարին մասնակցելու համար կրնան դիմում կատարել տիեզերագնացութեան եւ տիեզերական հետազօտութիւններով հետաքրքրուող 15-18 տարեկան պատանիները: 

Ճամբարին մասնակցութիւնը անվճար է։ Դիմումներու ընդունման պայմանաժամը Յունիս 15 է: 

Մասնակիցներու ընտրութիւնը կը կատարուի յատուկ քննութեամբ: 

«Տիեզերական ճամբար 2022»-ը կը կայանայ Յուլիս 27-էն մինչեւ Օգոստոս 2՝ Դիլիջանի «Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմամարզական վարժարանին մէջ։

Սփիւռքէն մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է արձանագրուիլ հետեւեալ յղումով՝ https://bit.ly/3MZh7hy: 

Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել ճամբարի կայքը՝  https://spacecamp.am/