Փաշինեան.– «Հայաստան կը սպասէ՝ սահմանին անցակէտեր բանալու իր առաջարկին՝ Ազերպայճանի դրական արձագանգին» 

 

Հոկտեմբեր 17-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է, որ Հայաստան կը սպասէ՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին 3 անցակէտ բանալու Հայաստանի կառավարութեան առաջարկին՝ Ազերպայճանի դրական արձագանգին։

«Մի քանի ամիս է՝ պաշտօնապէս շրջանառւում է Արևելեան Ադրբեջանի և Նախիջևանի միջև կապն ապահովելու համար հայ-ադրբեջանական սահմանին 3 անցակէտ ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան որոշման նախագիծը։ Հայաստանը սպասում է Ադրբեջանի դրական արձագանգին»,– գրած է Փաշինեան։

Ան նշած է, որ հրադադարը պահպանելու եւ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ են միջազգային մնայուն գործիքակազմեր։

Պաքու «անիրատես» որակած է Երեւանի առաջարկը

Ազերպայճանի Արտաքին գերատեսչութիւնը անմիջապէս հակազդած է Փաշինեանի այս գրառումին եւ անգամ մը եւս բացասական վերաբերում ցուցաբերելով՝ «անիրատես» համարած է սահմանի անցակէտերը բանալու վերաբերեալ Երևանի առաջարկը:

«Հայաստան պէտք է հրաժարի կեղծ առաջարկներով, 2000 թուականի Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ Զանգեզուրի միջանցքով կառուղիի եւ երկաթուղիի ճանապահները միաւորելու մասին ստանձնած պարտաւորութիւններէն խուսափելու եւ 20 ամիսէ ի վեր տեւող քննարկումները անտեսելու գործելակերպէն. այդ լաւ քաղաքականութիւն չէ»,– նշուած  է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Թուիթըրի էջին։

Խմբագրական