Յունիս 18-ին վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։
Վարչապետը շնորհաւորած է Էրտողանը «Քուրպան պայրամը»-ին առիթով, իսկ ան ալ շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը յառաջիկայ Վարդավառի տօնին առիթով։
Էրտողան ցաւակցած է Փաշինեանին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած ողողումներուն կապակցութեամբ։
Առաջնորդները ընդգծած են իրենց քաղաքական կամքը առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։
Այդ համածիրին մէջ անոնք ընդգծած են երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներու հանդիպումներու շարունակականութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած են ցայսօր ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։
Առաջնորդները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու շարունակական երկխօսութիւնը։ Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի վերջին զարգացումները։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։