ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացում՝ Իսիի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ

Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ Նոյեմբեր 24-ին կը կատարուէր Հայաստանի Յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան (UATE) նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացումը, UATE-ի գործադիր տնօրէն Հայկ Չոբանեանի ներկայութեամբ։

«Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցները (Armath Labs) ծնունդ առած են ճարտարագիտական վերապատրաստման ծրագրէն, զոր ստեղծած է եւ կը վարէ UATE-ը: 2014-էն ի վեր Armath Labs-եր հաստատուած են աւելի քան 635 դպրոցներու եւ կեդրոններու մէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Քուէյթի, Պանկլատէշի եւ Հնդկաստանի աւելի քան 17.000 աշակերտի ներգրաւմամբ:

Իսի-լէ-Մուլինոյի մէջ բացուած այս նոր աշխատանոցը՝ Եւրոպայի մէջ իր դռները բացող առաջին «Արմաթ»-ն է:

«Արմաթ» աշխատանոցներուն մէջ 10-18 տարեկան երախաները կը ծանօթանան հայերէն լեզուով գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան, շնորհիւ դպրոցական ժամերէն դուրս փոխներգործական (interactif) դասերու, հետաքրքրական մրցոյթներու, նորարարական ճամբարներու եւ այլ միջոցներով:

«Արմաթ» աշխատանոցներու ուսումնական ծրագիրը հիմնուած է յառաջադէմ ուսուցման մեթոտաբանութիւններու եւ գործիքներու վրայ, որոնք մշակուած են ֆիզիքական գիտութիւններու եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներուն մէջ առաջատար հետազօտական եւ կրթական հաստատութիւններու կողմէ: Այս ծրագրերը կը սկսին հիմնական ծրագրաւորումէն եւ ուսանողները կ՚առաջնորդեն ռոպոթաշինութենէն մինչեւ հետազօտական եւ ստեղծագործական միջավայրի մէջ արտադրութիւն։ ■