Յունուար 29-ին եւ 31-ին, Հերվէ Ժորժըլէն հրաւիրուած էր Ինալքօ (Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական կաճառ), Թրքական բաժանմունքի գրականութեան դասախօս Թիմուր Մուհիթթինի հրաւէրով, պոլսահայ գրականութեան մասին երկու դասախօսութիւն տալու։
Հերվէ Ժորժըլէն, Աթէնքի համալսարանի ժամանակակից թրքագիտութեան և ասիական հետազօտութիւններու ամպիոնի ժամանակակից պատմութեան դասախօս է, մասնագէտ՝ Օսմանեան կայսրութեան ոչ-մահմետական բնակչութեան, մասնաւորապէս՝ Հայերու, Հրեաներու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պատմութեան։ Ան նաեւ թարգմանիչ է, հայերէնէ ֆրանսերէն։ Պոլսահայ գրող Զաւէն Պիպեռեանէն երեք երկ թարգմանած է, «Մրջիւններու վերջալոյսը»՝ Le crépuscule des fourmis (Ժընեւ, 2012), «Լկրտածը»՝ La traînée (Ժընեւ, 2015), եւ «Անկուտի սիրահարները»՝ Les amants fauchés, որ կը մնայ անտիպ։ Ժորժըլէնի թարգմանութիւններուն շնորհիւ շուրջ կէս դար անծանօթ մնացած Պիպեռեանի գրականութիւնը ֆրանսախօս հասարակութեան մատչելի դարձաւ եւ ձեւով մը դուրս եկաւ հայ ընթերցողներու նեղ շրջանակէն։
Առաջին օրուան դասախօսութիւնը նուիրուած էր 0սմանեան կայսրութեան մէջ հայկական գրականութեան (1880-էն 1923), երկրորդը՝ Զաւէն Պիպեռեանին, անոր «Անկուտի սիրահարներ»-ուն, որ թարգմանուած է սակայն, ինչպէս ըսինք՝ ցարդ չէ հրատարակուած։ Գործ մը, որ հեղինակը անձամբ թարգմանած է թրքերէնի ալ։ Պէտք է նշել որ Պիպեռեան եռալեզու գրող է՝ հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն…
Հակիրճ կերպով Պիպեռեանի կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, Պրն. Ժորժըլէն զուգահեռներ գծեց հեղինակին կենսագրութեան եւ անոր ստեղծած տիպարներուն միջեւ, որոնք յաճախ երիտասարդ են, կորսուած, սիրոյ կարօտ։ Վերջին թարգմանութիւնը՝ «Անկուտի սիրահարներ»-ուն հերոսը, որ ոչինչ ունի հերոսական, հեղինակի ինքնակենսագրութեան մօտեցող տիպար մըն է։
Պիպեռեան մօտ եղած է Յոյներուն, հետերնին շփուած է։ Ան սիրած է հայ համայնքէն դուրս ալ յարաբերութիւններ մշակել։ Յաճախ այցելած է Իշխանաց կղզիներ եւ տեղացիներուն խնճոյքներուն մասնակցած։ Այլ խօսքով կեանքը սիրող գրող մը եղած է ան։ Զինք նեղած է հայկական նեղմիտ միջավայրի ձեւականութիւնները, կաշկանդումները, որոնք արձագանգ գտած են իր գրականութեան մէջ։ Պիպեռեան իր վէպերուն մէջ յաճախ կը պատմէ համայնքային ճնշող մթնոլորտի մասին։ Տիպարները կը փափաքին ազատ ապրիլ, երիտասարդական կեանքը վայելել, սակայն, հասարակութիւնը, դպրոցը, եկեղեցին կը կաշկանդեն զիրենք։ Ան եղած է ժամանակակից պոլսահայ գրող մը, որ կրցած է իր ժամանակի լինելութեան տագնապը ներկայացնել, զանազան մակարդակի տագնապներ, բարդոյթներ, քաղաքական ու գաղափարախօսական կաշկանդումներ՝ ընտանեկանէն սկսեալ, մինչեւ անձնական, համայնքային, ընկերային, կրթական, մասնագիտական, քաղաքական մակարդակի։ Քիչ հասկցուած, քիչ գնահատուած ու քիչ ընթերցուած հեղինակ է, որ կրցած է նկարագրել թրքական միջավայրը իր բազմաշերտ ժողովրդական խճանկարով։ Միաժամանակ թրքական միջավայրն ալ անհանդուրժող եղած է, քաղաքական հայեացքները, ազգայնականութիւնը զինք նեղացուցած են։
Ինալքոյի լսարանը լեցուն էր երիտասարդ ուսանողներով՝ ֆրանսացի, թուրք, հայ, նաեւ չափահաս տարիքի գրասէրներ, որոնք փութացած էին ներկայ գտնուելու այս անսովոր հանդիպումին։
Թ. Շ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։