Յունուար 30-ին, Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի Ռիշըլիէօ բաժանմունքին մէջ, Ֆրանսայի Արուեստի պատմութեան ազգային հիմնարկութեան կողմէ (Institut national d’histoire de l’Art) ներկայացուեցաւ «Հայ-
եացք Հայաստանի վրայ՝ նախքան 1914»՝ Տիմիթրի Էրմաքովի երկու լուսանկաչական ալպոմները» վերնագրով բանախօսութիւնը։
Երկու ալպոմ՝ 250 լուսանկար, առնուած՝ նախքան 1914-ի Համաշխարհային պատերազմը՝ 1906-ին, միջազգային համբաւ վայելող ռուս լուսանկարիչ Տիմիթրի Էրմաքովի կողմէ, որոնք կը բացայայտեն հայկական աշխարհը՝ տեսարաններ, Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Արեւելեան Հայաստանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի (Նոր Բայազէդ եւ Դարալագիազ) շրջաններու եկեղեցիներ, պատմական յուշակողոթներ, տեսարաններ, տիպարներ եւ ազգագրական արժէք ունեցող երեւոյթներ։
Այս երկու ալպոմներու բովանդակութիւնը ներկայացնելու համար հրաւիրուած էին երկու բանախօսներ՝ Սիփանա Չագրեան (Հնագիտութեան դոկտոր) եւ Ժերոմ Տըլաքուր (Հիմնարկութեան լուսանկարներու բաժնի պատասխանատուն)։
Սրահը անսպասելիօրէն լեցուն էր ամէն տարիքի ֆրանսացի ու հայ արուեստասէր ունկնդիրներով, զորս գրաւած էր Հայաստանի պատմական լուսանկարներուն՝ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի անդրադարձը, նիւթին բովանդակութիւնը եւ մա՛նաւանդ, այսօր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի նկատմամբ Ազերպայճանի սպառնալի պահանջները, որոնք այժմէական քաղաքական հնչողութիւն կու տային այս լուսանկարներուն։
Անակնկալօրէն աճուրդի հանուած այս հաւաքածոն, Ֆրանսայի Արուեստի պատմութեան ազգային հաստատութիւնը (ՖԱՊԱՀ) 2020-ին կ՚որոշէ գնել, հարստացնելու համար իր շտեմարանը, լրացնելով կովկասեան լուսանկարներու հաւաքածոյին մէջ մեծ բաց մը։ Հոս պէտք է նշել որ Ժան-Միշէլ եւ Նիքոլ Թիէրի՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Փոքր Ասիոյ պատմամշակութային արժէքներու վերաբերեալ իրենց հարուստ լուսանկարչական հաւաքածոն, շուրջ 100 000 նկար, կտակած են ՖԱՊԱՀ-ին։
Որքան որ լուսանկարիչ Էրմաքովի աշխատանքը կարեւոր երեւոյթ էր, նոյնքան հետաքրքրական էր յայտնաբերել այն շարժառիթը որ զինք մղած էր ատոր։ Այս առումով Սիփանա Չագրեանի ուսումնասիրութիւնը նուիրուած՝ Երուանդ Լալայեանի ազգագրագիտական աշխատանքին, կը պարզաբանէր իրավիճակը։
Լալայեան, ըլլալով «Ազգագրական հանդէս»-ի խմբագիր-հրատարակիչը, եղած է նաեւ Էրմաքովի պատուիրատուն՝ լուսանկարելու Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի շրջանները, որոնց մասին ընդարձակ ուսումնասիրութիւն կատարած է եւ հրատարակած իր հանդէսին մէջ, Էրմաքովի լուսանկարներով հանդերձ։
Կենսագրութիւն՝ Երուանդ Լալայեանի
Ծնած է 13 Մարտ 1864-ին, Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի)։ 1885-ին աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը եւ աշխատած է Ախալքալաք, Ալեքսանդրապոլ՝ որպէս ուսուցիչ։ 1894-ին աւարտած է Ժընեւի համալսարանի հասարակագիտական բաժինը։ Վեց ամիս աշխատած է Վիեննայի Մխիթարեաններուն քով։ Վերադառնալով Անդրկովկաս, 1895-1897 թուականներուն դասաւանդած է Շուշիի թեմական դպրոցը։ Այստեղ համախմբուած այն ժամանակուան լաւագոյն գիտական ուժերուն հետ (Մանուկ Աբեղեան, Թորոս Թորամանեան, Հրաչեայ Աճառեան, Լէօ, Լեւոն Մելիքսեթ-Բեկ, Ս. Լիսիցեան, Խ. Սամուէլեան, Ս. Զելինսկի եւ այլն)՝ ձեռնամուխ եղած է «Ազգագրական հանդէս»-ի հիմնադրութեան (առաջին գիրքը լոյս տեսած է 1896-ին)։
Ժ. Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։