Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով գիտաժողովը

Դեկտեմբեր 19-ին, Ֆրանսայի պատմամշակութային ժառանգութեան կեդրոնին (INP) եւ Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով գիտաժողովը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկան Մշակոյթի նախարար Ռիմա Ապտուլ-Մալաք, Ֆրանսայի ժառանգութեան ազգային հիմնարկի տնօրէն Շառլ Փերսոնա եւ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան։ Վերջինս մեծապէս գնահատեց մշակոյթի բնագաւառին մէջ Հայաստանի պատմամշակութային հաստատութիւններու եւ Ֆրանսայի մշակութային կառոյցներու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մշակութային յուշարձաններու վերականգնման եւ պահպանման նպատակով իրականացուող ծրագրերը։ Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց նախարար Ապտուլ-Մալաքին՝ ֆրանքեւհայկական մշակութային համագործակցութեան ցուցաբերած առանձնայատուկ ուշադրութեան համար։ 

Տիկին Տոլմաջեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման վտանգին, վերջին տասնամեակներուն Ազերպայճանի կողմէ իրագործուած հայկական մշակութային ժառանգութեան աղճատման քաղաքականութեան։

Գիտաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան պատմամշակութային ժառանգութեան բնագաւառի Ֆրանսայի նշանաւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Լուվրի եւ Ազգային երկրագիտութեան թանգարանները, Իլ տը Ֆրանսի մշակութային հարցերու տնօրէնութիւնը, Շայոյի պատմութեան եւ հնագոյն յուշարձաններու պահպանման բարձրագոյն կրթութեան կեդրոնը։ 

Զեկոյցներ ներկայացուցին նաեւ « Oeuvre d’Orient » կաթոլիկ կազմակերպութեան եւ Պատմամշակութային կոթողներու թուայնացումով եւ զօրութենական (virtuel) վերականգնումով զբաղող ICONEM նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները։ 

Գիտաժողովին Հայաստանէն հրաւիրուած էին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետ Աստղիկ Մարաբեան, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի եւ Հայաստան հաստատուած «ReSchool» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները։

Երկու մասերէ բաղկացած գիտաժողովի ընթացքին ընդգրկուն կերպով ներկայացուեցան ֆրանքեւհայկական մշակութային համագործակցութեան ոլորտին մէջ իրականացուող կարեւոր նախաձեռնութիւններ, այդ կարգին՝ Լուվրի թանգարանի օժանդակութեամբ Էրեբունի թանգարանի վերանորոգման, յառաջիկային Լուվրի մէջ Բիւզանդական եւ Արեւելքի քրիստոնէական ժառանգութեան նուիրուած բաժնի ստեղծման եւ այնտեղ հայկական արժէքաւոր ցուցանմուշներու ընդգրկման ծրագրերը։

Գիտաժողովին անդրադարձ եղաւ Հայաստանի տարածքին եւ աշխարհասփիւռ հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան: 

Զեկոյցներ ներկայացուեցան Ֆրանսայի հայկական սփիւռքի պատմութեան, Արցախի վտանգուած պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան եւ անոր դիտաւորեալ ոչնչացման ու խեղաթիւրման ուղղուած ազերպայճանական քաղաքականութեան մասին: Անդրադարձ եղաւ ժամանակակից արհեստագիտութեանց կիրարկումով հայկական ժառանգութեան պահպանման ուղղուած ծրագրերուն:

Գիտաժողովին ներկայ էին մշակոյթի բնագաւառի կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւս, պատմաբաններ, ֆրանսացի խորհրադարանականներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։