Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին, առանձին քննարկման ժամանակ ելոյթ ունենալով վարչապետ Փաշինեան մասնաւորապէս յայտարարած է. “Փաստաթուղթերու հիմնական արձանագրութիւններէն մէկը այն է, որ աշխարհի վրայ 2 միլիառ հոգի կ՚ապրի հակամարտութիւններէն տուժած շրջաններու մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան տեսանկիւնէն աւելի ճիշդ պիտի ըլլար այդ նախադասութիւնը սապէս ձեւակերպել. ցեղային զտումներու հետեւանքով աւելի քան 500 հազար Հայեր այլեւս հնարաւորութիւն չունին ապրելու իրենց հայրենիքին մէջ”։
“500 հազարը Ազերպայճանէն բռնի տեղահանուած ու ցեղային զտումներու հետեւանքով գաղթական դարձած Հայոց թիւն է։ Անոնցմէ շուրջ 360.000-ը բռնի տեղահանուած է Ազերպայճանէն 90-ականներու սկիզբը՝ Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերու եւ հայատեացութեան հետեւանքով։ Այդ ժամանակէն ի վեր Ազերպայճանի մէջ հայատեացութիւնը պետական քաղաքականութիւն դարձած է։ Իսկ մինչ այդ, Խորհրդային Միութեան օրօք, վարչական եւ հոգեբանական ճնշումներու պատճառով Հայերը ստիպուած էին լքելու Նախիջեւանը եւ Ազերպայճանի այլ տարածքները։ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին շուրջ 26.000 Հայ լքած է Լեռնային Ղարաբաղը: Իսկ Սեպտեմբեր 19-ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակման եւ ցեղային զտումներու հետեւանքով մէկ շաբթուան ընթացքին շուրջ 105.000 Հայեր ստիպուած եղան լքելու Լեռնային Ղարաբաղը”,– ըսած է վարչապետը:
Ան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը երկար ժամանակ ահազանգ հնչեցուցած է միջազգային հանրութեան, որ նման հեռանկարը հետզհետէ իրականութիւն կը դառնայ՝ յատկապէս 2022 Դեկտեմբերին Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակումէն ետք։
“Բայց միջազգային հանրութիւնը համարժէք միջոցներու չձեռնարկեց, եւ մենք չենք կրնար մեղադրել զանոնք, որոնք կը պնդեն, որ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայերու բռնի տեղահանումը տեղի ունեցած է որոշ միջազգային դերակատարներու լուռ կամ թաքուն համաձայնութեամբ։ Յամենայն դէպս, յարգելի՛ մասնակիցներ, ես չեմ եկած խաղաղութեան այս համաժողովին խօսելու պատերազմի մասին։ Ես եկած եմ խօսելու խաղաղութեան մասին, թէեւ Ազերպայճան սկսած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը անուանել «Արեւմտեան Ազերպայճան»՝ Հայերու ցեղային զտման իր ծրագրին նուազագոյնը իրագործելէ ետք”,– ընդգծած է Փաշինեան՝ աւելցելով, որ Ազերպայճանի դպրոցներու, համալսարաններու եւ լրասփիւռներու մէջ կը քարոզուի այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան» հայեցակարգը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ նոր պատերազմ նախապատրաստելու հայեցակարգ մըն է։
ՀՀ վարչապետին համաձայն՝ այս ամէնը կը կատարուի հակառակ անոր, որ կողմերը կարծես մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան, մինչ վերոնշեալ խնդիրները լուրջ հարցեր կը յառաջացնեն Ազերպայճանի անկեղծութեան առումով։
Սրահէն, Հայաստանի վարչապետին հակադարձած է Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանուհին՝ պնդելով, որ Կրանատայի մէջ նախատեսուած հայ–ազերպայճանական բանակցութիւններու ջնջումին պատճառն էին Երեւանի զէնք մատակարարելու Փարիզի յայտարարութիւնները, բայց նաեւ, Թուրքիոյ մասնակցութեան մերժուիլը հնգակողմ ձեւաչափին։ Փաշինեան ի պատասխան նշած է, թէ իւրաքանչիւր ինքնիշխան երկիր իրաւունք ունի զինուելու՝ ինքզինք պաշտպանելու նպատակով։ Ազերպայճան նոյնպէս հսկայական ծաւալի սպառազինութիւն կը գնէ, իսկ անոր ռազմական պիւտճէն Հայաստանի եռապատիկն է։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդած է վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ Հայաստանէն պահանջելով «դադրեցնել Պաքուի նկատմամբ զրպարտող քաղաքականութիւնը, որ կրնայ վնաս հասցնել խաղաղութեան գործընթացին»:
Նախարարութիւնը «անհիմն» որակած է վարչապետին ըսածները, հերքելով նաեւ Արցախի մէջ ցեղային զտում կատարած ըլլալ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։