Յունիս 13-ին, վարչապետարանին մէջ (Hôtel de Matignon) վարչապետ Կապրիէլ Աթթալի ձեռամբ վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեանին յանձնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ շնորհուած Պատուոյ լեգէոնի (Légion d’Honneur) շքանշանը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, CCAF-ի համանախագահներ՝ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, Հայ Առաքելական եկեղեցիէն՝ Նորվան սրբազան, Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Եղիա եպիսկ. Եղիայեան, Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինի, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Վարչապետ Աթթալ խօսք առնելով բարձր գնահատեց վեր. Ռընէ Լեւոնեանի ներդրումը Ֆրանսայի եւ ֆրանսահայ կեանքին մէջ։ Իսկ մեծարեալը իրեն տրուած պատիւը ուզեց բաժնել իր կողակցին հետ, որու ընկերակցութեամբ երկար տարիներ ձեռք-ձեռքի Մարսիլիայէն սկսեալ գործունէութիւն ծաւալած են Ֆրանսա, Հայաստան, Ռուսաստան եւ այլուր՝ հոգեւոր կեանքը զարգացնելու եւ տարածելու ուղղութեամբ։ Վերապատուելին, ներկայիս Լիոնի Կաթողիկէ համալսարանի մէջ Հայկական ուսմանց դասախօսն է։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։