2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկած Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենդարանի կառուցման վերաբերող արխիւները մեկնակէտը հանդիսացան ցուցահանդէսի մը, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ քաղաքին հետ անձնական կապին։
Լիզպոնի Հայկական համայնքներու վարչութիւնը եւ «Կիւլպէնկեան» արուեստի գրադարանը եւ Արխիւը միասնաբար կազմակերպած են «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի առաջին եւ ամենահին հայկական համայնքի հազարամեայ պատմութիւնը։ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է՝ անզուգական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան տունը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նորայայտ փաստաթուղթերէն ընտրանի մը՝ Կիւլպէնկեանի եւ ժամանակի պատրիարքներու նամակագրութեանց, եկեղեցւոյ կրօնական իրեր, Երուսաղէմէն փոխառուած հազուագիւտ եւ եզակի յախճապակեայ կտորներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութենէն փոխառուած Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի՝ Սուրբ Գլխադրի մատռան 18-րդ դարու ասեղնագործ վարագոյր մը Նախիջեւանէն, որ Լիզպոն փոխադրեց եւ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան թանգարան»-ի տեսուչ՝ Արշակ աբղյ Ղազարեան։
Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան մշտապէս ամուր հոգեւոր կապ ունեցած է Սուրբ քաղաքին հետ եւ զգալի բարեսիրական ծրագրեր իրագործած է Սուրբ Աթոռէն ներս, մինչեւ իսկ իր ծնողներու՝ Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեանի յիշատակին կառուցած է «Կիւլպէնկեան» մատենադարանը։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր հիմնադրին աւանդութիւնը՝ աջակցելով Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին եւ Հայոց պատրիարքութեան։
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 2024 Յունիս 20-ին Լիզպոն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 22, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Արուեստի գրադարանի «Աթրիում»-ին մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։