Search
Close this search box.

ՔԻԵՒ – Միասնական աղօթք՝ նուիրուած Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին

Դեկտեմբեր 9-ը կը նշուի որպէս «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու և պատժելու մասին» ՄԱԿ-ի համաձայնագրի ընդունման օր։

Այս կապակցութեամբ, նոյն օրը Ուքրաինայի մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հայկական խաչքարին շուրջ համախմբուած են տարբեր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ միասնական աղօթքով յարգելու ցեղասպանութիւններու անմեղ զոհերուն յիշատակը։

Արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի առժամեայ  հաւատարմատար Գէորգ Պետրոսեան, Ուքրաինայի խիղճի ազատութեան պետական ծառայութեան ղեկավար՝ Անտրեյ Փուրի, տեղւոյն Հայերու միութեան գրասենեակի պետ Դաւիթ Մկրտչեան եւ Քիեւի հայկական համայնքի անդամներ:

Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարած է թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկ. Յովհաննիսեան, աղօթակից ունենալով Ուքրաինայի ուղղափառ, յոյն եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւորականներ։