Ֆրանսայի հարաւային Գանն քաղաքին մէջ Փետրուար 3-11 տեղի կ՚ունենան հայկական մշակոյթի օրեր «Հայաստանի բոյրը՝ Գաննի մէջ» ընդհանուր խորագրին տակ։
Մէկ շաբթուան ընթացքին նախատեսուած են բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, ժապաւէններու ցուցադրութիւն, պարային ներկայացումներ, երաժշտութիւն, թատրոն եւ այլն, եւ այլն։
Այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան հեղինակներն են Գաննի քաղաքապետ Տաւիտ Լինար, Գաննի Քաղաքային խորհուրդը, համագործակցութեամբ Գաննի եւ շրջակայքի Հայոց միութեան, որուն նախագահուհին է Եասմին Ալֆիերի-Եարտըմեան։
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 3-ին «Էսփաս Միրամար»-ի սրահներուն մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, ինչպէս՝ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեանի, Մարսիլիոյ աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեանի, երեսփոխաններու, Քաղաքային խորհուրդի անդամներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու։
Բացման խօսքը արտասանեց քաղաքապետ Լինար, որ շեշտը դրաւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի բարեկամութեան վրայ, բայց նաեւ Ֆրանսահայութեան օրինակելի քաղաքացիներ ըլլալու երեւոյթին, նշելով որ անոնք որքան որ կառչած են իրենց արմատներուն, նոյնքան ալ Ֆրանսացի կը զգան իրենք զիրենք։ Ապա, Գաննի քաղաքապետը դատապարտեց Ազերպայճանի յարձակումը Արցախի վրայ եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց ներկայիս ալ Հայաստանի հարաւային շրջաններուն սպառնացող ազերպայճանական վտանգին վրայ։
Ելոյթ ունեցան նաեւ տիկին Ալֆիերի-Եարտըմեան,– որ յատկապէս ընդգծեց, թէ հայկական մշակոյթը ապրող գանձ մըն է,– նաեւ երեսփոխանուհի Ալեքսանտրա Մարթէն, տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան։ Երաժիշտ Անտրէ Մանուկեանի ապահոված գեղարուեստական կարճ բաժինէն ետք Տաւիտ Լինար բացումը կատարեց Անթուան Ակուճեանի արցախեան լուսանկարներու ցուցահանդէսին։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Ժերար Յովակիմեանի զրուցավարութեամբ կլոր-սեղան մը, որուն մասնակցեցան լրագրող, աշխարհաքաղաքագէտ Տիգրան Եկաւեան, Ֆիկառօ-Մակազինի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն եւ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեան։
Այս բացառիկ օրը վերջ գտաւ քաղաքապետին կողմէ հրամցուած ընթրիքով, որուն ներկայ ըլլալու պատիւը ունեցան շուրջ հարիւր հրաւիրեալներ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։