Search
Close this search box.

Ֆրանսա կը դատապարտէ ազերպայճանական յարձակումը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ կը պահանջէ

Արցախի վրայ ազերպայճանական յարձակման առթիւ՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը.

«Ո՛չ մէկ հիմնաւորում կրնայ արդարացնել այդպիսի միակողմանի գործողութիւնները, որոնք ոչ միայն կը սպառնան արդէն ամիսներէ ի վեր ապօրինի շրջափակումներէ տուժող  հազարաւոր քաղաքացիներու, այլ նաեւ կը հակասեն միջազգային հանրութեան ջանքերուն՝ բանակցութեան միջոցով լուծելու հակամարտութիւնը:

Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանին անյապաղ դադրեցնելու յարձակումը եւ յարգելու միջազգային իրաւունքի պահանջները։

Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան ճակատագրին համար Պաքու առանձնապէս կը կրէ ամբողջ պատասխանատւութիւնը։ 

Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ շտապ կերպով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարելու։ Փարիզ սերտօրէն կը համագործակցի եւրոպացի եւ ամերիկացի իր պաշտօնակիցներուն հետ՝ այս անընդունելի յարձակումին վճռական պատասխան ապահովելու համար՝ քանի որ տարածաշրջանի ապահովութիւնը վտանգի տակ կը գտնուի»։